ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿՏԱԿԸ

Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 15-րդ գլուխին որպէս խորագիր կ՚ընտրէ «Ընտանեկան կտակ - Յիշատակ»ը. յաճախ կտակ ըսելով մենք կը հասկնանք նիւթական ժառանգութիւնը, որ կը փոխանցուի ողբացեալին յաջորդներուն, սակայն Հայրիկ այստեղ տարբեր կտակի մասին է, որ կը խօսի. Հայրիկի բացատրութեամբ կտակը հետեւեալն է. «Կտակը տիրապէս կը նշանակէ այն սուրբ աւանդ եւ յանձնարարութիւնը, զոր մարդ իւր կենդանութեանը ուրիշ կտակակատար անձի մի կ՚աւանդէ, որ յետ իւր մահուն կատարեն իւր կտակը՝ աննենգ եւ անվրէպ հաւատարմութեամբ»: Կտակը իր մէջ ունի նաեւ նիւթական բաժինը, սակայն անոր բարոյական բաժինը շատ աւելի մեծ է՝ քան նիւթականը:

Հայ ժողովուրդին մէջ կտակի կարեւորութիւնը շատ շեշտուած է եւ անոր մեծագոյն վկաները դարերու կեանք ունեցող եկեղեցիներու արձանագրութիւններն են, որոնք մեծ մասամբ անձի մը յիշատակին կառուցուած են՝ որպէս կտակ: Կտակի գոյութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ Հին կտակարանի մէջ. օրինակի համար, Աբրահամ հասկնալով որ իր վախճանը մօտ է, իր մօտ կը կանչէ Իսահակ որդին եւ որպէս կտակ կը պատուիրէ Քանանացւոց երկրէն կին չընտրէ, որուն դիմաց երդում կը ստանայ հաւատարիմ մնալ այդ կտակին։ Տակաւին կարելի է բազմաթիւ օրինակներ յիշել Աստուածաշունչէն, սակայն Հայրիկ զանց կ՚առնէ այդ մէկը:

Կտակը ունի ուժը մարդը ապրեցնելու նոյնիսկ յետ մահու՝ գերեզմանին մէջ եւս, իր բարի յիշատակով, իր բարի գործերով. Հայրիկի համոզումով՝ որ մարդու յիշատակը աւելիով կ՚անմահանայ, երբ ան կը յաջողի իր հարստութենէն բաժին հանել հայ ժողովուրդին, անոր աղքատ զաւակներուն. «Երջանիկ կը լինէր ազգը, երջանիկ կը լինէր մեր հայրենիքը, եթէ ազգին մէջ գտնուած իւրաքանչիւր գանձատէր անձինք առանց կտակի եւ յիշատակի չմեռնէին», կ՚ըսէ Հայրիկ: Ճշմարիտ կը գտնենք Հայրիկի խօսքերը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իրապէս կտակը կրնայ մարդը անմահ դարձնել. մեր ազգային կեանքէն օրինակ վերցնենք Պօղոս Նուպար փաշան, Մանթաշեանն ու Կիւլպէնկեանը. մենք այսօր այս անունները երբեք պիտի չյիշէինք, եթէ անոնք իրենց հարստութենէն բաժին հանած չըլլային մեր հայ ազգին. անոնց մահէն տասնամեակներ ետք նոյնիսկ անոնց անունը կը շարունակէ անմահ մնալ՝ շարունակելով զանազան ձեւերով բարիքներ գործել հայ ազգին: Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց ագահութեան պատճառով տրուած են մոռացութեան. պատմութիւնը վկայ է օրինակ, թէ Պոլսոյ մէջ ունեցած ենք մեծատուն աղաներ, սակայն անոնց անունները չե՛նք գիտեր, պարզապէս որովհետեւ ագահութեամբ ապրելով մոռցած են իրենց ազգը: «Ագահ մարդոց կտակը եւ անյագ տենչն այն է, որ իւր գանձը իւր հետ ի գերեզման տանի ու թաղէ», կ՚ըսէ Հայրիկ. կարեւոր է, որ մարդ իր հարստութիւնը կտակէ իր հարազատներուն, իր որդիներուն, սակայն Հայրիկի համոզումով՝ պէտք չէ մոռնայ դպրոցը, եկեղեցին եւ ժողովուրդը, որովհետեւ Հայրիկ կը հաւատայ, թէ ով իր ազգը յիշէ իր կտակին մէջ, փոխադարձաբար Աստուած պիտի օրհնէ անոր ընտանիքը եւ բազմացնէ այդ կտակը՝ որ փոխանցած է ան իր զաւակներուն եւ հարազատներուն:

Այս բոլորը շատերու համար կրնայ «մուրացկանութիւն» թուիլ՝ ինչպէս կը տեսնենք այսօր, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայրիկ այս բոլորը կը գրէր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, որ ո՛չ ազգը եւ ո՛չ եկեղեցին նիւթապէս փայլուն վիճակ մը ունէր եւ հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները կանգուն պահելու համար անհրաժեշտ էր գումար։ Հայրիկ լաւապէս գիտէր, որ իր ընթերցողներու մեծամասնութիւնը աղքատ հայորդիներ են, սակայն կ՚ուզէր, որպէսզի անոնք իրենց զաւակները դաստիարակեն այնպէս, որպէսզի անոնք գիտնան արժէքը իրենց ազգին, եկեղեցիին եւ դպրոցին եւ ջանք չխնայեն կանգուն պահելու համար զանոնք:

Այս բոլորին կողքին Հայրիկ կարեւոր կը նկատէ ազգային կտակը եւ կը յորդորէ, որպէսզի եկեղեցականներ եւս կտակեն. «թող կտակեն նոքա Հայոց գաղթական զաւակներուն ուր որ կը լինին, Արարատ եւ Էջմիածնի կաթուղիկէն չի մոռնան: Թող կտակեն նոքա սուրբ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց խաչ եւ անձնանուիրութիւնը», կ՚ըսէ Հայրիկ: Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր ազգովի կարիքը ունինք տէր կանգնելու բոլոր այդ սրբազան արժէքներուն՝ որոնք որպէս կտակ հասած են մեզի մեր նախնիներուն կողմէ. մեր երիտասարդ սերունդը արդէն իսկ սկսած է մոռնալ (չըսելու համար մոռցած է) թէ՛ Արարատը եւ թէ Էջմիածինը. Հայրիկ այդ երկուքը քով քովի կը գրէ, որովհետեւ Արարատն ու Էջմիածինը իրարմէ տարբեր չեն. անոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն հայութիւն։ Այս յօդուածը մեր գրած պահուն եկեղեցին սկսած է շարժում՝ որ բնոյթով քաղաքական է, սակայն սխալ է կարծել, որ եկեղեցին հեռու է քաղաքականութենէն. քաղաքականութիւնը՝ Արարատն է, իսկ եկեղեցին՝ Էջմիածինը եւ անոնք միասնաբար կը կազմեն ազգութիւն: Մեծագոյն կտակը որ ծնողք մը կրնայ կտակել իր զաւակին եկեղեցւոյ եւ ազգութեան հանդէպ նուիրումի կտակն է. Հայրիկ կը յորդորէ կտակել, որպէսզի անոնք իրենց հայրենի հողէն հեռու չապրին. նոյնիսկ կը պահանջէ նզովք կարդալ, որպէսզի. «նոքա հայրենի հողին ու երկրին մէջ տքնին ու աշխատին»:

Այս բոլորի մասին խօսելէ ետք Հայրիկ իր կտակը կը փոխանցէ հայ ժողովուրդին. «կ՚աւանդեմ իմ կտակը իմ սիրելի, հաւատարիմ եւ մտերիմ Ազգին՝ որ զիս բառնան տանին այն հողին աւանդեն եւ զիս դնեն ի գիր հանգստեան Վարագայ Խաչքարերու տակը, ուր թերեւս շիրիմս ու ոսկորներս խառնուի». այլ խօսքով կը կտակէ զինք թաղել իր հայրենի հողին մէջ՝ ուր թաղուիլը՝ ապրիլ ու յարութիւն առնել կը նշանակէ Հայրիկի համար:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայ փիլիսոփայ կը ճանչնա՞ս:

Պատասխան. Այո, հայ փիլիսոփայութիւնը հարուստ է աւանդութիւններով եւ հիւսուած է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին հետ: Անոնցմէ նշանաւոր է Աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացին, որ յայտնի է իր «Մատեան Ողբերգութեան» գլուխ գործոցով. 10-րդ դարուն գրուած այս խոր աշխատութիւնը խորացած է Աստուածային սիրոյ, մարդկային տառապանքի եւ հոգեւոր լուսաւորութեան փնտռտուքի նիւթերուն մէջ: Գրիգոր Նարեկացիի ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՚արտացոլան Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան, հայ ժողովուրդի իմաստութեան եւ փիլիսոփայութեան միտքը, ինչ որ յարգանքի արժանի կարգավիճակ կը շնորհէ հայ կրօնական եւ մտաւորական շրջանակներէն ներս: Գրիգոր Նարեկացիի աշխատութիւնը կը շարունակէ խորհրդածութեան եւ մտորումներու ներշնչման աղբիւր ըլլալ ամբողջ աշխարհին մէջ, ընդգծելով հայ փիլիսոփայական միտքի մնայուն ժառանգութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024