Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ապու Տապիի մէջ տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ ալ Նահիանի հետ։ Ան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար այդ երկիրը։ Նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ ալ Նահիանի կողմէ։
Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի կիզակէտին էին այն հաւանական քայլերը, որոնք կը նախատեսուին Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատման համար։ Նախարարները արժեւորեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։
Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024