Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՎԵՐՋ ԱՅՍՕՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով այսօր ժամադրուած են Ալմաթիի մէջ։
Նախարարներու տեսակցութեան ընդառաջ կը շարունակուին նաեւ նախընթաց օր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները։
Քլեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին համաձայնած են, որպէսզի 44-օրեայ պատերազմի շրջանին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղակայուած ռուսական սահմանապահ զօրքերը այլեւս հեռանան։ Հայկական կողմի խնդրանքով՝ Ռուսաստանի զօրքերը պիտի շարունակեն տեղակայուած մնալ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն երկայնքով։
Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024