ԱՊՐԻԼ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ՆԵՐԿԱՅԻ ՀԵՏ

Որքան որ ալ քլիշէ թուի, երջանիկ ըլլալու միջոցներէն գլխաւորը՝ պահը ապրիլն է։ Չէ՞ք յոգնած անվերջ թուացող տխուր լուրերու տարափէն։ Չէ՞ք յոգնած միշտ անհանգիստ ու փուշի վրայ ըլլալէն։

Երբ որեւէ խնդիր չկայ, տխուր ու դժգոհ ըլլալը պահէն դուրս ապրիլն է։ Երբ կը գտնուինք ներկայէն դուրս որեւէ ժամանակահատուածէն ներս, կը մտնենք ափսոսանքի, կարօտի, սպասումներու, անհանգստութեան պարոյրի մէջ։

«Կ՚ուզէի»ներ, «եթէ»ներ, «կը յուսայի»ներ, «կը յուսամ»ներ, «երանի»ներ, «ափսոս»ներ… Միշտ յոգնութիւն, մտահոգութիւն, դժգոհութիւն կը բարդեն մարդու մանաւանդ հոգեբանութեան վրայ։ Ապրուած, պատահած կամ ապրուելիք, տեղի ունենալիքներու մասին մտահոգութեամբ լի կեանք մը որքան տանելի կ՚ըլլայ մէկու մը համար։

Այն պահուն, երբ ամէն ինչ հնարաւոր է, այդ ժամանակ ազատ ես։ Չկայ երջանկութիւն, չկայ տրտմութիւն, չկայ վէճ, չկայ հակասութիւն։

Դուն կ՚ըսես, թէ «ես շատ նախանձոտ եմ»։ Սա պահուն ոեւէ մէկը նախանձեցա՞ր։ Եթէ պատասխանդ «ոչ» է, ապա հիմա նախանձոտ չես։

«Ես շատ դրական մարդ եմ»։ Եթէ հայհոյեցիր եւ զայրացար երթեւեկի մէջ, ապա սա կը նշանակէ, որ դուն հիմա այդքան ալ դրական տրամադրուած չես ու քիչ մըն ալ հայհոհիչ ես։

Կախուածութեան բուժման մէջ կայ սահմանում մը՝ օր մը։ Այս օրը կը յաղթահարենք եւ նոր ճանապարհորդութեան մը կը սկսինք։ Այսինքն պահ մը, ապրինք այս պահը։ Յաջորդ պահը արդէն կ՚ապրինք՝ երբ գայ անոր ժամանակը։

Երջանկութիւնը ձեւով մը կացութեան վիճակ է եւ երկու անձ, որ կ՚ապրի նոյն իրադարձութիւնները, կրնան տարբեր ձեւերով ընկալել ու համապատասխան ձեւով արձագանգել։ Օրինակ՝ երկու կնոջ ամուսինը մահացած է. մէկը երջանիկ է, ազատած է բռնութենէն, տանջանքէն, իսկ միւնը ընկճուած՝ կորսնցուցած ըլլալով իր կեանքի ընկերը, սիրելին։

Ճնշուած մարդու մը բժիշկներ, հոգեբաններ, հոգեւորականներ կրնան օգնութեան ձեռք երկարել, բայց ի վերջոյ ո՛չ մէկուն ջանքերը կ՚արդիւնաւորուին, եթէ տուեալ անձը չորոշէ փոխուիլ։ Պէտք է փոխել ներաշխարհը, մտածելակերպը… Թէեւ գիտէ, սակայն կիրառելը դժուար է։

Երբ լուրերուն հետեւելով կը տանջուիք, թէ տնտեսութիւնը վատ է, քաղաքականութիւնը այսինչ է եւ այլն, աւելի լա՞ւ կը զգաք։ Շատ պարզ հարցում մըն է սա, բայց եթէ նոյնիսկ ձեզմէ շատերուն պատասխանը ըլլայ ոչ, հաւանաբար ձեր տունը չէք կրնար պատկերացնել առանց հեռատեսիլի։

Տարիներ առաջ ընկերուհիներէս մին դժբախտաբար ախտորոշուեցաւ ծանր հիւանդութեամբ մը։ Ականատես եղած եմ, որ այդ ախտորոշման տեղեակ դառնալէն յետոյ ամբողջովին փոխուած է իր կեանքի ընկալումն ու ապրելակերպը։ Անդրադարձայ, որ մահացու հիւանդութեան հետ առերեսուիլը իր մօտ արթնցուց այն մտածումը, թէ իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ հրաշք է կեանքը։ Շատ մը բաներ աւելի իմաստալից էին՝ քան երբեք։ Աւելի լաւ գիտէր, թէ որքա՛ն հաճելի է բաժակ մը նարինջի հիւթ կամ սուրճ խմելը, ծովափին քալած ժամանակ քամին մաշկին վրայ զգալը… Ինչո՞ւ բարկացած էր, որ եղբայրը իր մատիտը գործածած էր։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունէր այդ բարկութիւնը։ Միշտ կ՚ըսէր, թէ երբ ան դարմանուի, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլար, թէ իր բոլոր ընտանիքի անդամները, բոլոր սիրելիները հաւաքուէին ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։

Երանի՜ թէ, ներկայ պահու արժէքին անդրադառնալը մահացու փորձութիւններով չըլլար։ Անշուշտ, մահը կեանքի իրողութիւն է, աշխարհի անյեղլի օրէնքն է. մենք անպայման օր մը կ՚առերեսուինք անոր հետ ու կը հասկնանք, թէ որքա՜ն ցաւալի է հարազատի կորուստը, որքա՜ն թանկագին է կեանքը։

Ամէն պահ իւրայատուկ է եւ անդառնալի։ Թէեւ մահը շատ մեծ ցաւ կը պատճառէ, սակայն կեանքն ու մահը փոխկապակցուած են եւ մահուան գաղափարին հետ հաշտուիլը իրականութեան մէջ հաշտուիլ է ներկային հետ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024