ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Ծաղկաձորի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Բազէ-2015» երիտասարդական տարեկան հաւաքը։ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքին կը մասնակցին հոծ թիւով երիտասարդներ, որոնք երեք խումբերու բաժնուած՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, կը գործադրեն իրենց ծրագիրը։
Ծաղկաձորի մէջ երէկ հաւաքի մասնակից երիտասարդներու այցելութեան փութաց Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, որ զանազան նիւթերու շուրջ զրուցեց մասնակիցներուն հետ։
Հարկ է նշել, որ այս հաւաքին շրջագծով կեանքի կը կոչուի նաեւ գեղարուեստական բազմակողմանի յայտագիր մը, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ երիտասարդներուն մօտ։