ԵՍ ԶՈՀՆ ԵՄ ԴԻՄԱԿԻՍ ԵՒ ԳԼԽԱՐԿԻՍ…

Դեռ շատ նոր էր բոլորս տակնուվրայ ընող թագաժահրը եւ ես անոր քննութեանը պիտի երթայի։ Երբ եղբօրս ինքնաշարժը նստայ, եղբայրս ժպտալով ըսաւ.

-Այդ ինչ զարդարուն դիմակ մը դրեր ես։

-Ինչ ընենք, պատասխանեցի, ուզենք-չուզենք ամէն բանի պիտի վարժուինք, բայց գիտես ես գեղեցիկի սիրահար եմ, թուղթէ դիմակ կրելու տեղ՝ հուլունքներով պատրաստուած՝ գեղեցիկը կը գործածեմ։

Քննութենէն ետք վերադարձին խնդրեցի եղբօրս, որ ճամբու վրայ պտղավաճառին հանդիպինք, քանի որ տունէն ելած եմ գործ մըն ալ ընեմ մտածեցի։

Անկեղծ ըլլալու համար շատ քիչ բան առի, շուտով տարի մը պիտի ըլլար մօրս մահուան՝ առանձին եմ տունը, եւ համաճարակին պատճառով այցելուներ ալ չկային, ուրեմն բնականաբար նուազած էր նաեւ գնումներուն չափը։ Երբ ինքնաշարժ վերադարձայ շատ զարմացած եւ ինչու չէ նեղացած բողոքեցի եղբօրս.

-Այս մարդը աղուոր մը վրաս խնդաց, առածս նայէ եւ վճարածս, ապուշի տեղ դրաւ զիս… Կրկնապատիկ չէ եռապատիկ առաւ։

-Ոչ, ապուշի տեղ չէ դրած, այդ հուլունքներով դիմակիդ համար դեռ շատ քիչ առեր է, ըսաւ եղբայրս նախ լրջութեամբ, յետոյ կուշտ ու կուռ խնդացինք։

Յիշեցի շատ նման դէպք մը, որ Հայաստան պատահած էր Վերնիսաժ այցելութեանս։

Նախ ըսեմ, որ երբ Հայաստան կը գտնուիմ, ամէն Կիրակի Էջմիածին կ՚երթամ պատարագի։ Մանկութենէս մայրս սորվեցուցած է, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ պէտք է երթալ ամենավայելուչ եւ ներկայանալի ձեւով։ Ես ալ ըստ սովորականիս մի՛շտ հագուածքիս համապասխանող գլխարկով մը կ՚երթամ եկեղեցի։

Այդ կիրակին վերջին կիրակիս էր հայրենիքի մէջ, ուրեմն եկեղէցիէն ելայ եւ անմիջապէս փութացի Վերնիսաժ նուէրներ եւ այլն առնելու համար։

Հիացած նորութիւններուն կը նայիմ, երբ անցեալէն ծանօթ ձայն մը անունս կու տայ… Ուրիշ ո՞ւր կարելի է այսպիսի անակնկալի հանդիպիլ եթէ ոչ հայրենիքի մէջ… Մանկութեան ընկերուհիս, որուն երկար ժամանակ չէի տեսած։ Փաթթուեցանք, յուզուեցանք, ուրախացանք եւ նկատեցինք, որ երկուքս նոյն տոպրակէն ունինք ձեռքերնուս մէջ։

Ընկերուհիս անմիջապէս մանեակ մը հանեց տոպրակէն ցոյց տալու համար առածը, ես ալ իմ տոպրակէս հանեցի, շատ բան չէր փոխուած մեր մանկութենէն ասդին, երկուքս նոյնանման մանեակներ առած էինք, ինչպէս մեր մանկութեանը կը սիրէինք իրարու նման հագուիլ… Տարիները չէին յաջողած մեր ճաշակները փոխելու։

-Այս մարդէն առի, իր գործն է, անշուշտ քեզի ալ ըսաւ, շատ գեղեցիկ բաներ ունի։

-Այո շատ, գինն ալ լաւ է, բարձրէն չի թռիր։

-Եղած չեղածը ութ հազար դրամ էր ասիկա…

-Ինչպէս թէ, ես տասը հազարի առի։

Գացինք մանեակները վաճառող մարդուն քով, որ քանի մը քայլ անդին էր։

-Վարպետ, նոյն մանեակը ընկերուհիիս ութ հազարի տուած ես, ինծի տասի, ինչո՞ւ այս խարդախութիւնը, ըսի ժպտալով։

Վարպետը նոյն ժպիտով պատասխանեց.

-Բա քոյրիկ ճան, էդ գլխարկիդ տաս հազարէն պակաս բան կը տրո՞ւէր…

Մի նեղանա՛, արի էստեղից մի բան վերցրու… Կ՚ուզես երկու հազար ետ տամ։

-Ո՛չ, վարպետ, ութ հազարը մանեակին համար, իսկ երկու հազարը դեռ շատ քիչ է սրամտութեանդ եւ լաւ ճաշակիդ համար… Անուշ ըլլայ…

…Եւ ամէն անգամ անպայման գլխարկով կ՚այցելեմ վարպետին…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024