ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի այցելու հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Մօտաւոր ապագային նախատեսուած է այս եկեղեցւոյ սատարողաց Ս. Պատարագը, որուն ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։

Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց՝ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ թաղային խորհուրդի ջանքերը։ Ուստի, ան օրհնեց տարուած աշխատանքը եւ յղեց յարատեւութեան մաղթանքներ:

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024