ՕՁՈՒՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի մէջ այս շրջա­նին վե­րա­նո­րոգ­ման կ՚են­թար­կուի Օ­ձու­նի պատ­մա­կան վան­քը։ Երկ­րի հիւ­սի­սին գտնուող այս հնա­մե­նի սրբա­վայ­րը Հա­յաս­տա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հարս­տու­թիւն­նե­րու շար­քին կը դա­սուի։ Պատ­մա­կան վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս ձեռ­նարկուած աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ար­ժա­նա­նան հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­սա­րա­կու­թեան մօտ բա­ւա­կան լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է այս վե­րա­նո­րո­գու­թեան ծրա­գի­րը՝ «tert.am» կայ­քէ­ջը տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­րեւ Սա­մուէ­լեա­նի հետ։ Այս առ­թիւ փոխ-նա­խա­րա­րը ընդգ­ծած է, թէ Օ­ձու­նի վան­քի վե­րա­նո­րո­գու­մը կ՚ըն­թա­նայ ի­տէա­լա­կան ձե­ւով։ Ըստ ի­րեն, աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան շատ բարձր ո­րա­կով եւ հա­մա­պա­տաս­խան են՝ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Ըստ  Ա­րեւ Սա­մուէ­լեա­նի, վե­րա­նո­րո­գուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շար­քին՝ որ­պէս լա­ւա­գոյն ա­ռա­ջին կար­գի վրայ կա­րե­լի է յի­շել Օ­ձու­նը։

Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան նշեց, թէ նման ծրագ­րեր կեան­քի կո­չե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը ծա­ւա­լեն մի­ջազ­գա­յին հիմ­նարկ­նե­րու հետ։ Այժմ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը լուրջ ծրագ­րեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ «Ա­մե­րի­կեան դես­պան­նե­րու մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րամ»նե­րուն հետ։ Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ եւս լուրջ ներդ­րում­ներ կա­տա­րուած են նման ծրագ­րե­րու հա­մար։

Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի, Ա­րեւ Սա­մուէ­լեա­նի խօս­քով, այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս ա­ւե­լի մեծ ծա­ւալ­նե­րով աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին։ Պե­տու­թիւնն ալ կը ջա­նայ խրա­խու­սա­կան դեր ու­նե­նալ, թե­թեւց­նե­լով տուր­քե­րու բե­ռը այն ան­ձե­րուն կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րեն այս ուղ­ղու­թեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015