ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական հաւաքը հերթական անգամ համախմբեց դպրոցի զանազան սերունդներէ սաները, որոնք թէ՛ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը ապրեցան եւ թէ ականատեսը դարձան իրենց հասած հաստատութեան ներկայ վիճակին։

Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, շրջանաւարտից օրուան առթիւ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին դպրոցի անմոռանալի կրթական մշակներէն հոգելոյս Էլիզ Մանասի շիրմին, որ կը գտնուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ իր ընկերակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին շիրմին առջեւ, նաեւ բիւր յարգանքով աղօթեցին հոգելոյս Էլիզ Մանասի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար՝ հաշուի առնելով, որ ան անուրանալի ներդրում մը ունեցած էր դպրոցի վերելքին ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս արդի տարեգրութեանց մէջ։

Յետմիջօրէին շրջանաւարտից օրուան ծրագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ 25-ամեայ եւ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները արտասովոր ուրախութիւն ապրեցան՝ ստանալով իրենց վկայականները։ Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հաւաքի բոլոր մասնակիցները։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին դպրոցի վիճակին շուրջ տեղեկութիւններ տուաւ եւ շնորհաւորեց բոլոր շրջանաւարտները։

Հաւաքոյթի տեւողութեան բոլորը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ շփուեցան իրարու հետ՝ բաժակ բարձրացնելով իրարու եւ իրենց սիրեցեալ վարժարանի յարատեւութեան համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024