ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ…
Ճիշդ 72 տարի առաջ այսօր՝ 20 մայիս 1952 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին էջին վրայ տեղ գտած էր նոր յօդուածաշարքի մը ազդարարութիւնը։ Ընթերցողներուն տեղեկացուած էր, որ օր մը վերջ 21 մայիս 1952 թուականին պիտի սկսէր «Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» խորագրեալ յօդուածաշարքը։ «Շահեկան» որակուած էր այդ ռըփորթաժը, սակայն, այդ պահու դրութեամբ կարելի չէր գիտնալ, թէ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ ան պիտի դառնար պատմական։ Արդարեւ, աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի նկարահանած դրուագները առաջին անգամ լոյս կը տեսնէին մամուլի մէջ։ Այսինքն, սա Արա Կիւլէրի առաջին քայլն էր՝ դէպի մամլոյ ասպարէզ, ուր ոտքը դրած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարթակին միջոցաւ, ինչ որ հիմքն ու սկզբնաւորութիւնը պիտի դառնար յետագայ ժամանակներուն նուաճելիք բարձունքներուն։
«Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» ռըփորթաժներու շարքը շարունակուած էր հրատարակուիլ մինչեւ 27 մայիս 1952 թուականը։ Յօդուածաշարքի սկզբին ընթերցողներուն մատուցուած էին Վարդան Օզինեանի գրի առած նիւթերն ու Արա Կիւլէրի նկարահանած դրուագները։ Շուտով Արա Կիւլէր ստանձնած էր այդ երկու դերերը, իսկ եզրափակիչ փուլին Վարդան Օզինեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած էր՝ Գումգաբուի հայ ձկնորսներու ցուցակը։ Իսկապէս ողջունելի էր՝ այդ պահու դրութեամբ Կեդրոնականէն դասընկեր երկու երիտասարդներու՝ Արա Կիւլէրի եւ Վարդան Օզինեանի համագործակցութիւնն ու շահեկան արտադրանքը։
72 տարի առաջ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին էջին վրայ տեղ գտած էր Արա Կիւլէրի՝ մամլոյ մէջ լոյս տեսած առաջին լուսանկարը, ուր Տաճատ ռէիս նաւուն մէջ մէկ կողմէ ճանապարհ ցոյց կու տար իր ձկնորսական արշաւախումբին, իսկ միւս կողմէ բացատրութիւններ կու տար Վարդան Օզինեանին։
Ի դէպ, այդ յօդուածաշարքի հրատարակուելէն հինգ տարի անց՝ 1957 թուականին Արա Կիւլէր դարձեալ Գումգաբու հանդիպած էր՝ ձկնորսները նկարահանելու համար։ Տասնամեակներ անց, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած 1952 թուականի յօդուածաշարքը գիրքի մը ձեւաչափով վերահրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։ Ընթերցողներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձած այս գիրքը կը պարունակէր թէ՛ բուն հայերէն յօդուածաշարքը եւ թէ անոր թրքերէն թարգմանութիւնը։
Արա Կիւլէրի թանգարանին մէջ, համանուն արխիւի եւ հետազօտութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, ներկայ ամսուան 7-ին բացուեցաւ «Գումգաբուի ձկնորսները» (Kumkapı Balıkçıları) անուանեալ ցուցահանդէս մը։ Այս ձեռնարկին ողնայարը կը կազմեն 1952 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքին առթիւ երիտասարդ Արա Կիւլէրի ոսպնեակի որսած դրուագները։ Անշուշտ, այսօր անոնց արժէքն ու իմաստը շատ տարբեր են, սակայն, յետադարձ հայեացքը կու գայ ապացուցանել, թէ սկսնակ Արա Կիւլէրի գործերը անվիճելիօրէն եղած են յետագայ անկրկնելի հանճարի վարպետութեան ազդանշանները։
Արա Կիւլէրի թանգարանը, որ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս խարսխուած է, այսօրերուն գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ. այցելուները թէ՛ կը շրջին այս եզակի ցուցահանդէսը եւ թէ մանաւանդ կը ծանօթանան՝ նոյն առթիւ հրատարակուած հաստափոր եւ իսակապէս արժէքաւոր հատորին։ Արա Կիւլէրի համանուն արխիւի եւ հետազօտութեան կեդրոնը այս նախաձեռնութեան առթիւ սերտօրէն համագործակցեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հետ։ Վերոյիշեալ գիրքին մէջ ալ տեղ տրուած թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի յօդուածին։ Հարկ է նշել, որ գիրքը երկլեզու է՝ թրքերէն եւ անգլերէն։
Նոյն նախաձեռնութեան ծիրէն ներս ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ թերթիս խմբագրութեան միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ, որպէսզի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ այս ռըփորթաժներու շարքը վերահրատարակուի նոյն թուականներուն, այսինքն 72 տարի առաջուան նոյն օրերուն։ Թէեւ սա երկկողմանի փոխըմբռնում մըն էր, սակայն, անշուշտ, անկարելի էր անտեսել «Արաս» հրատարակչատան ներդրումը։
Ուստի, վաղուընէ սկսեալ պիտի սկսինք վերահրատարակել այս յօդուածաշարքը՝ նոյն օրերուն, նոյն բաժիններով եւ հնարաւորինս նոյն տեսանիւթերով։ Լուսանկարներու պարագային բացառաբար քանի մը փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ ակամայ։ Արդարեւ, 1952-ին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած կարգ մը դրուագներու նեկաթիւները գտնել կարելի չէ եղած Արա Կիւլէրի արխիւին մէջ, ուստի, նախաձեռնարկ կեդրոնը մեզի ամենանման դրուագներէն ներկայացուցած է՝ անհրաժեշտ բարձր որակով։ Յօդուածաշարքի բաժիններուն մէջ, ըստ էութեան, տեղ պիտի տանք «Արաս»ի հրատարակած գիրքի թեքստերուն, որոնք անհրաժեշտ վերամշակումէ մը վերջ հրատարակութեան պատրաստուած են։ Յանուն բնագրին նկատմամբ առաւելագոյն հաւատարմութեան՝ խմբագրութիւնս որոշած է նիւթին մէջ անփոփոխ պահել՝ մասնաւորապէս ոչ-հայերէն բառերու պարագային նախընտրուած տառադարձութիւնները, որոնց համար այժմ արդէն տարբեր նախընթացներ ձեւաւորուած են, իրենց հերթին, պատշաճ հիմնաւորումներով։
Բաց աստի, այսօր տեղ կու տանք «Գումգաբուի ձկնորսները» (Kumkapı Balıkçıları) գիրքին մէջ հրատարակուած թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի թրքերէն յօդուածին։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024