ՕՏԵԱՆԻ ԳՈՐԾԸ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆՈՎ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» գիրքը լոյս տեսաւ պարսկերէնով։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, այս թարգմանութիւնը մաս կը կազմէ Թեհրանի մէջ 100-րդ տարելիցին ձօնուած ոգեկոչումներու ծրագրին։
Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ 1914-1919. անձնական յիշողութիւններ» գիրքին պարսկերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 1100 տպաքանակով ու տրամադրուած՝ գրախանութներուն։ Պարսկերէն թարգմանութիւնը կատարած է Անդրանիկ Խեչումեան։ Օտեանի այս գործը կ՚ընդգրկէ Եղեռնի շրջանէն վկայութիւններ։
Հարկ է նշել, որ Երուանդ Օտեան անցեալի մէջ եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրներէն եւ իր «Անիծեալ տարիներ» գործը առաջին անգամ լոյս տեսած թերթիս մէջ՝ թերթօնի ձեւաչափով։