ԿԱՐՊԻՍ ՊԱԼՄՈՒՄՃՈՒԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծարեց իր երիցագոյն անդամներէն Կարպիս Պալմումճուն, որ երկար տարիներ եղած էր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ մեծարանքի ցերեկոյթ մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Կարպիս Պալմումճուին։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Կեդրոնականի ընտանիքէն այլ դէմքեր մասնակցութիւն բերին այս հաւաքոյթին։ Անշուշտ, Կարպիս Պալմումճու շրջապատուած էր իր ազնուափայլ կողակցին, զաւակներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն կողմէ։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեան ողջունեց հանդիսատեսները։

Ղալաթիոյ խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Պօղոս Չալկըճըօղլու հանդիսութեան ընթացքին կենդանի զրոյց մը վարեց Կարպիս Պալմումճուին հետ, որ պատմեց դպրոցական տարիներէն յուշեր եւ փոխանցեց հաստատութեան արդի տարեգրութեանց տեսակէտէ կարեւոր վկայութիւններ՝ քանի տասնամեակներ շարունակ Կեդրոնականի ընտանիքէն ներս վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած էր։ Մեծադիր պաստառի վրայ ցոյց տրուեցաւ Կարպիս Պալմումճուի եւ դասընկերներուն շրջանաւարտութեան լուսանկարը։ Մկրտիչ Արծիւեան, Յարութիւն Էպէօղլու եւ Սիլվա Գույումճեան ներկաներու զգացումներուն եւ խոհերուն թարգման հանդիսացան իրենց ելոյթներով։

Ստեղծուած յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ արժեւորելով Կարպիս Պալմումճուի համայնքային կեանքէ ներս ծաւալած աշխատանքը մանաւանդ, որ ան Պէշիկթաշի Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին ալ բերած էր իր ներդրումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Պալմումճուի փորձառութիւններուն փոխանցումն ալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Որպէս օրուան մեծարեալը՝ Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներուն կողմէ ջերմօրէն շրջապատուած, Կարպիս Պալմումճուն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։ Մեծարեալին Կեդրոնականի ընտանիքին անունով յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Հուսկ, հատուեցաւ Կարպիս Պալմումճուի համար պատրաստուած կարկանդակը, որ եկաւ խորհրդանշել նաեւ անոր ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Ի դէպ, երէկուան ձեռնարկի նպատակներէն մին էր նաեւ արժեւորել այդ տարեդարձը։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024