ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ պանծացուց հայկական երգն ու երաժշտութիւնը։ Այսպէս, թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին հանդիսաւոր համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Բացի հոգեւոր հայրերէ եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչներէ, ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ երաժշտասէրներ, որոնք իսկապէս անկրկնելի ապրումներ ունեցան երգչախումբի գերազանց կատարումներուն շնորհիւ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ խմբավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Հայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտութենէն նմոյշներ ներկայացուց Վարդանանց երգչախումբը, որու արձանագրած յաջողութեան մէջ մասնաւորապէս պէտք է ընդգծել դերը մենակատարներուն, որոնք իրենց կուռ ձայնով խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկնդիրներուն վրայ։

Երեկոյթի տեւողութեան ատենապետ Սարօ Սիրականեանի գլխաւորած տնօրէն խորհուրդին անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան խմբավար Սիպիլ Արսէնեանին, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլուին եւ նոյնպէս խմբավար Յովսէփ Սրկ. Գույումճեանին։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024