ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ վերամրապնդուեցաւ իր աւանդութիւններուն մէջ։ Առաւօտուն Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներն ու զանազան սերունդներէ սաներ երախտագիտութեան այց մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասը, ուր ոգեկոչուեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերը։ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Աւելի վերջ դպրեվանքցիները Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Դպրեվանքի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական բաժակի օրը։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ ապրեցան զիրար դարձեալ նոյն համալիրէն ներս վերագտնելու ուրախութիւնը։ Վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ ընթացաւարտներ հանդէս եկան ելոյթներով։ Բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցան յոբելեար շրջանաւարտները, որոնց կրծքանշանները յանձնուեցան իրենց կողակիցներուն կողմէ՝ ըստ ձեւաւորուած աւանդութեան։
Դպրեվանքցիները ժամադրուեցան յաջորդ տարի զիրար վերագտնելու համար։