ՍՈՒՐԲ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը ամէն տարի կը կատարուի Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցին վերանորոգութեան մէջ կը գտնուի՝ այս տարուան արարողութիւնները տեղի ունեցան Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ներկայ էին նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ բոլորը արձակուեցան՝ մաղթելով, որ յաջորդ տարի հնարաւոր ըլլայ այս տօնը վերստին նշել Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024