ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ՄԻՏՔ

Սա իրականութիւն մըն է, թէ՝ մարդ հոգեւոր եւ մարմնաւոր էակ մըն է։ Հոգի եզրը, լայն առումով, մարդուս զգացական եւ նաեւ բանական ներքին աշխարհը կը ներկայացնէ։ Այլաբանօրէն՝ զգացումը սիրտը եւ բանականութիւնը միտքն է։

Միտքը, արդարեւ, մարդուս զգայարանքով յայտնի չ՚ըլլար՝ աչքով չի տեսնուիր, հոտոտել կարելի չէ, ինչպէս նաեւ շփումով, հպումով եւ դպչելով միտքի հասնիլ, հասկնալ, ճանչնալն ալ կարելի չէ։ Բայց երբ մէկը իր միտքը կորսնցնէ՝ իր բացակայութիւնը անմիջապէս զգալի կ՚ըլլայ։ Միտքը իր բացակայութեամբ կը փայլի։ Չէ՞ որ որեւէ բանի ճշմարիտ արժէքը կը հասկցուի, երբ ան կը կորսուի. զոր օրինակ՝ առողջութիւնը, յաջողութիւնը՝ երբ կը խափանուին։ Արդարեւ, միտքն ալ երբ իր բնական ընթացքին մէջ կը գործէ, ասիկա սովորական կը համարուի, բայց երբ բացակայի, մեծ եւ կենսական հարցեր կը ծագին։ Մարդ երբ կը կորսնցնէ իր միտքը՝ կ՚անդրադառնայ որ «միտք» մը ունէր։

Մարդու միտքը ընդարձակ հրապարակ մըն է՝ որուն շուրջ բազմաթիւ փողոցներ կը գտնուին, ուրկէ շատեր կ՚երթեւեկեն, կ՚անցնին կ՚երթան։ Մտքին մէջէն ալ շատ բաներ կ՚անցնին, եւ մարդ ինք գիտէ, թէ իր մտքին մէջ ինչեր կան։ Բայց ոեւէ մէկը կարելի չէ, որ գիտնայ այդ մտածումները։ Միայն այն ատեն կարելի է գիտնալ, երբ մարդ յայտնէ իր մտածումները։ Բայց մարդ իր մտքին մէջ եղածները ո՞րքանով կը յայտնէ, եւ կամ ճշմարիտ կերպով կը յայտնէ՞։ Ահաւասիկ, ասիկա անկեղծութեան հարց մըն է։ Մարդ, այնքան ուղղամիտ եւ ճշմարտասէր է՝ որքան համապատասխան են իր մտածումները եւ խօսքերը՝ որոնք մտածումին արտայայտութիւններն են։ Բայց երբեմն մարմինը իր ձեւերով կրնայ ցոյց տալ, թէ խօսքը ո՛րքան կը համպատասխանէ մտքին։ Բայց ընդհանրապէս մարդիկ իրենց մտքին մէջինները ամբողջովին, անթերի չեն փոխանցեր ուրիշներու, կամ պակաս, կամ չափազանցուա՛ծ։

Ամէն մարդ իր շուրջը հոգեւոր պաշտպանութեան պարսպապատ մը կը գտնուի, այս կերպով մարդ փոխյարաբերութիւններու գետնին վրայ սահման մը ունի, որուն ուրիշ մարդոց մօտենալը դիւրին չէ, քանի որ ենթական անմիջապէս պաշտպանողական դիրք կը գրաւէ։

Եւ այս հոգեկան պաշտպանութեան սահմանը արգելք կ՚ըլլայ, որ մարդու մը իսկական մտածումներուն եւ ընդհանրապէս նկարագրին մասին բաւարար տեղեկութիւն մը ձեռք բերուի։ Արդարեւ, մարդուս մարմինը՝ արտաքին տեսքը մասամբ գաղափար մը կրնայ տալ, բայց ասիկա յաճախ խաբէական է եւ անստո՛յգ։ Մարդուս շրթներուն վրայ ժպիտ ըլլալ, բայց աչքերուն մէջ՝ արցունք։ Եւ կամ լեզուն կրնայ սիրոյ մասին խօսիլ, բայց սիրտը ատելութեամբ լեցուած ըլլալ։

Ուրեմն, միտքը, հոգին եւ մարմինը մարդ էակը կազմող եւ ամբողջացնող գոյութիւններ են։ Մարդը ինքն իրեն իսկ «անծանօթ» մըն է, զայն մասամբ ճանչնալու եւ հասկնալու համար պէտք է իր աբողջութեանը մէջ ուսումնասիրել, բայց մանաւա՛նդ միտքը քննել եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուա՛ր է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024