ՆՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

Անգարա կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ հաշտութեան գործընթացին։ Թուրքիա հերթական անգամ վերահաստատեց Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղեալ խրախուսանքը։

Երէկ, Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուած ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որու բովանդակութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Այսպէս, թրքական կողմը շեշտեց, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած է դրական զարգացում, ինչ որ պէտք է աւարտի՝ խաղաղութիւն ապահովելիք համաձայնութիւնով մը։ Թուրքիա կրկնած է այս ուղղութեամբ ցանկութիւնը ու վերահաստատած իր պատրաստակամութիւնը՝ մշտական խաղաղութեան հաստատման առաջադրանքով բարեացակամ բոլոր ջանքերուն ի նպաստ։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն։ «Կը հետեւինք Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն ու կը տեսնենք, որ հերթական անգամ փորձեր կը կատարուին մեր դէմ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու», ըսաւ ան։ Ալիեւ այս յայտարարութիւնը ըրաւ Ղարաբաղի մէջ, ուր իր խօսքերուն աւելցուց նաեւ հետեւեալը.

«Վստահ եմ, թէ Հայաստան այլեւս երբեք չի փորձեր որեւէ ռազմական սադրանք իրականացնել Ատրպէյճանի դէմ՝ հակառակ, որ ռէօվանշիստները բաւական շատ են Հայաստանի մէջ։ Ուստի, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ պահու։ Ի հարկէ, առաջին հերթին մենք պէտք է աւելի հզօրացնենք մեր բանակը, ինչ որ արդէն կ՚ընենք»։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս առաւօտ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի հասած կէտին։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ կայ մթնոլորտի էական փոփոխութիւն, բայց սա չի նշանակեր, թէ մնացած է միայն խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Արդարեւ, կողմերը տակաւին չեն հասած վերջնագծին։

«Իւրաքանչիւր օր հրաշալի հնարաւորութիւն է խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Խնդիրը այն է, որ խաղաղութեան պայմանագրի թեքստին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն ձեռք բերուի։ Կը յուսամ, թէ ձեռք կը բերուի, աւելի ճիշդը՝ այդ համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են», ըսաւ վարչապետը եւ կրկնեց հայկական կողմի հաւատարմութիւնը՝ Փրակի համաձայնութիւններուն եւ Ալմա-Աթայի հռչակագրին նկատմամբ։ Ան աւելցուց, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին, կան նրբութիւններ եւ այդ նրբութիւններն ալ ունին իրենց նրբութիւնները։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան։ Իր խօսքով՝ սահմանազատումն ու սահմանագծումը՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ, ղեկավարներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական ուղղութիւններէն մին է։

Կալուզին այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ Մոսկուայի մէջ, Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024