ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկան այն երիտասարդները, որոնք վերջին շրջանին կը մասնակցին տեղւոյն դպրաց դասու աշխատանքներուն։ Ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Խումբի կատարումները առաջնորդեց Իւմիտ Սաքման։ Երիտասարդներու ելոյթները արժանացան գնահատանքի՝ մինչ ձեռնարկի աւարտին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ ջերմօրէն շնորհաւորեց զիրենք։ Երեկոյթի ներկաներու շարքին էին խումբ մը հոգեւոր հայրեր եւ Սկիւտարի ընտանիքէն պատասխանատուներ։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2024