ԿԱՅՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 2023-2024 շրջանի ձմրան դասընթացքները շաբաթավերջին եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբի կեդրոնին, Գարակէօզեան տան եւ Տատեան վարժարանի մարզասրահներուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքները այս տարի եւս պսակուեցան յաջողութեամբ։ Համախումբ մթնոլորտի մը մէջ դասընթացքներու մասնակիցները ստացան իրենց վկայականները, մինչ ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի խօսք մը արտասանեց։
Շուրջ 400 մասնակիցով կազմակերպուած այս հանդիսութենէն վերջ, շիշլիցիները այժմ կը պատրաստուին ամրան դասընթացքներուն, որոնք Գնալը կղզիի մէջ պիտի սկսին յուլիսի 1-ին։
ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Շիշլիի մինչեւ 12 տարեկաններու պասքեթպոլի կազմը հանդիսացաւ «Unibest» պասքեթպոլի լիկի ախոյեան, ինչ որ բացառիկ ուրախութիւն առթեց ակումբի ընտանիքին։