ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Գեղարուեստական ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները, իրականութեան մէջ, հարթ գետին մը չունին։ Արդեօք արուեստի ստեղծագործական գործընթացը մեզ աւելի կ՚երջանկացնէ՞: Ի վերջոյ, մենք ունինք արուեստագէտներու օրինակներ, որոնք ապրած են կամ կ՚ապրին ընկճուածութեան նման զգացական դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ եւ այս իրավիճակը կը ստեղծէ հակասութիւն: Արդեօք արուեստը յուզական ցաւէ՞ կը ծագի: Կան բազմաթիւ խումբեր, որոնք կը հետազօտեն արուեստի եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները եւ անոնցմէ շատերու հասարակաց կէտն է, որ արուեստը դրականօրէն կ՚ազդէ մարդոց յուզական աշխարհի դժուարութիւններու յաղթահարման վրայ:

Գեղարուեստական արտադրութեան գործընթացի եւ անձնական երջանկութեան միջեւ կապի գոյութեան գաղափարը նոր չէ։ «Psychology Today»ը ներկայացուցած է Ռոպերթ Էփշթէյնի «Ստեղծագործութիւնը գրաւել» յօդուածը, ուր ան կը գովաբանէ գեղարուեստական ստեղծագործութեան ստեղծած երջանկութիւնը։ Վերոյիշեալ յօդուածին մէջ Էփշթէյն նշած է իր միտքերը այս նիւթի վերաբերեալ. «Աւելի շատ ստեղծագործութիւնը կը յանգեցնէ աւելի մեծ երջանկութեան: Ստեղծագործական գործընթացները մեզի համար կը դառնան ուրախութեան աղբիւր եւ անոնցմով աւելի կը դիւրանան նոյնիսկ մեր առօրեայ ամենաչնչին խնդիրներու լուծումը»։

Բաց աստի, Լոնտոնի համալսարանէն Սեմիր Զեքիի հետազօտութիւնը կը պնդէ, որ պարզապէս արուեստ ուսումնասիրելը կը բարձրացնէ տոփամինի մակարդակը եւ կ՚ապահովէ ուղեղի ճակատային մասի աշխուժութիւնը: Արդարեւ, այս իրավիճակը յառաջ կը քշէ այն միտքը, թէ արուեստական ստեղծագործութիւնը իրականութեան մէջ կը յառաջացնէ մարդոց միջեւ յարաբերութեան հաճոյքի զգացումը։

Հետաքրքրական է այն փաստը, որ արուեստը շատ բազմակողմանի է, հետեւաբար իւրաքանչիւր անհատ կրնայ գտնել այն, ինչ որ իրեն համար դիւրին է։ 2008 թուականին հրատարակուած յօդուածի մը մէջ կը փաստուի ջանքերու վրայ հիմնուած պարգեւատրման համակարգը եւ անոր առընչութիւնը ձեռագործ աշխատանքի հետ: Կը կարծեմ, որ այս տեսակի կրկնուող եւ յագեցնող գեղարուեստական արտադրութիւնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ընկճուածութեան եւ մտահոգութեան նուազեցման գործին մէջ։ Թերեւս գեղարուեստական արտադրութեան գործընթացին կեդրոնացումը եւ խորասուզումը կապուած են հոգեբան Միխալի Չիկսզենտմիխալյիի «հոսք» անուանած գործընթացին հետ: «Հոսք»ի եւ գեղարուեստական արտադրութեան հայեցակարգը իրականութեան մէջ կը մատնանշէ երջանկութեան երկու գործօն, որ հազարաւոր տարիներով բարելաւած է մարդկային կեանքը: Առաջինը՝ ստեղծագործութեան մէջ երջանկութիւն գտնելու կարողութիւնն է՝ հաճոյքի միջոցով: Այս կարողութիւնը հիմնուած է բարեշրջութեան կենսաբանութեան վրայ, որ մարդոց եւ հասարակութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ գոյատեւել նորարարութիւններու միջոցով: Երկրորդը՝ հանգստանալու եւ կեանքը վայելելու կարողութիւնն է՝ ստեղծելով օգտակար եւ ստեղծարար իրեր։ Սա ո՛չ միայն գործադրութիւն է, այլեւ մեթոտ, որ կը բարելաւէ հոգեկան առողջութիւնը եւ «կ՚երիտասարդացնէ» մարդիկը։

Վերջապէս, հնարաւորութիւն ունեցայ ընթերցելու զանազան տարիքէ արուեստական բուժման մասնակիցներու արտայայտած միտքերը՝ արուեստի եւ երջանկութեան մասին: Ակնյայտ է, որ արուեստի շնորհիւ, հակառակ ցաւալի փորձառութիւններու, անոնք կարողացած են արտայայտել այդ զգացումները եւ հաղորդակցիլ՝ արուեստի միջոցով: Անոնք յայտարարած են, որ արուեստը ամենայարմար ոլորտն է իրենց անձնական պայքարէն դուրս գալու, իրենց շեղած ուշադրութիւնը հաւաքելու, ֆիզիքական եւ մտաւոր հանգստութիւն ապահովելու եւ դրական յոյզեր ունենալու համար, այսպէսով անոնք մարտահրաւէր կը նետեն կեանքի նեղութիւններուն: Ամենակարեւորը, այդ մասնակիցներէն ոմանք բացայայտած են իրենց տաղանդը, ինչ որ նախապէս չէին գիտեր։ Աւելի՛ն, մասնակիցները հասարակաց դիրքորոշում ունէին, որ արուեստը երջանկութիւն կը պատճառէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024