ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի հիւսիսին պատահած հեղեղներէն վերջ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ է երկաթուղիի ցանցի վնասուած հատուածներուն վերականգնումը, ինչ որ կ՚իրականացուի Ռուսաստանի հետ՝ քանի Հայաստանի երկաթուղիի ցանցը կը կառավարուի ռուսական ընկերութեան կողմէ։ Մասնագէտները համամիտ են, թէ երկաթուղին ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկրին տեսակէտէ, ուստի այդ կտրուածքով յառաջացած խնդիրներու յաղթահարման նկատմամբ կը ցուցաբերուի առաջնահերթութիւն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի երկաթուղիի ցանցի 27 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուածէն ներս կան լրջօրէն վնասուած բաժիններ։ Ներկայիս վերականգնման աշխատանքներուն ներգրաւուած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ռուսական ընկերութեան 265 աշխատակից։ Ռուսաստանէն մասնագէտներ ալ ուղարկուած են այս փուլին յարմարագոյն եւ արագ լուծումներ գտնելու համար։ Կ՚ակնկալուի նաեւ Վրաստանէն մասնագէտներու ներգրաւումը՝ քանի Հայաստանի երկաթուղին հիւսիսէն կը միանայ այդ երկրի ցանցին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024