ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ. «ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԷՏԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻՆ»

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ առկայ չլուծուած հարցերու թիւը նուազած է։

Հայկական աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդած էին, որ Երեւան պատասխանած է Պաքուի կողմէ ներկայացուած վերջին առաջարկներուն։ Մինչ այդ, Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն։

Այս բոլորէն վերջ Պայրամով ըսաւ. «Քանի մը օր առաջ մենք Հայաստանէն ստացանք նոր նախագիծ մը, պէտք է ըսեմ, որ համաձայնագրի նախագծին վերաբերեալ բաց հարցերը հետզհետէ կը նուազին, այսինքն մենք դրական կը նկատենք թափը»։ Ան աւելցուց, որ Պաքուն հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ պատրաստակամ՝ ապագայ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկելու։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ փոխանակուած են արդէն վերամշակուած 9-րդ տարբերակները։

Միւս կողմէ, Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային խորհրդատուական օգնութիւն ցուցաբերեալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024