ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի մէջ ճատրակի գծով ուշագրաւ վերելք մը կ՚արձանագրէ Յովակ Քորթմոսեան։ Խոստմնալից այս պատանին թերթիս սիւնակագիրներէն Վարանդ Քորթմոսեանի որդին է՝ իբր այդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատներէն։

Յովակ Քորթմոսեան Վաղարշապատ քաղաքին մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի մը ախոյեանը դարձած է։ 8-10 տարեկաններու դասաւորման մէջ ան նուաճած է առաջնութիւնը՝ արժանանալով բաժակի մը եւ վկայականի մը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Յովակ Քորթմոսեանը ու նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024