ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն պատահած պայթում մը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստանէն հերթական անգամ հասնին զգայացունց դրուագներ։ Կազալցակայանի մը մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով ծագեցաւ հրդեհ մը։ Դէպքին հետեւանքով եղան վիրաւորներ, որոնց շարքին կային ծանր պարագաներ։
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը անմիջապէս շարժման անցաւ՝ մանաւանդ հրշէջ գունդը մինչեւ առաւօտեան ժամերը աշխատեցաւ բոցերը հանգեցնելու համար։
Սարսափելի դէպքը պատճառ դարձաւ, որ Երեւան-Սեւան մայրուղիի մէկ հատուածը փակ մնաց քանի մը ժամ։
Պաշտօնական աղբիւրները առաւօտեան ժամերուն հաղորդեցին, որ մայրուղիի վրայ երթեւակը վերսկսած է, իսկ լցակայանի պահեստներէն արտահոսքը դադրած է։ Հրդեհաշիջման աշխատանքներէն վերջ կատարուած են նաեւ հովացման աշխատանքներ։