ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՄՈՏԻԻ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Այս վերջնոյն կողմէ գլխաւորուած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքը Հնդկաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է եւ այս կապակցութեամբ Փաշինեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Մոտին ալ զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի հիւսիսին՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ պատահած հեղեղներուն կապակցութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները կարեւորեցին՝ 2019 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն յետոյ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան տեսանելի ընդլայնումը։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ այդ համագործակցութեան ապագայ զարգացման կարեւորութիւնը։

Հնդկաստանի հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ կենսական նշանակութիւն ունի՝ առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներու պայմաններու ներքեւ։ Տարածաշրջանի հիմնական դերակատարները դէմ են, տարածաշրջանէ դուրս դերակատարներ ներգրաւուին Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն, իսկ Հայաստան պարտաւոր է արտատարածաշրջանային խաղացողներու աջակցութիւնը ապահովելու։ Այս առումով Հնդկաստան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Հայաստան կարելիութիւն կ՚ունենայ Իրանի վրայով այդ երկիրը բացուելու եւ այս ուղղութեամբ որոշ հաւասարակշռութիւններ ձեւաւորուած է։

Յամենայնդէպս, երէկ, Մոսկուայէն հերթական աջակցութիւնը հնչեց՝ ի նպաստ «3+3» ձեւաչափի. հարթակ մը որու տեսաբանը կը հանդիսանան Անգարան եւ Պաքուն։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ նշեց, որ այս ձեւաչափը կրնայ անվտանգութիւն ու կայունութիւն ապահովել տարածաշրջանին համար։ Կալուզին յիշեցուց, որ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան այդ հարթակի աշխոյժ մասնակիցներն են։

Ռուս դիւանագէտի խօսքով՝ գործնական փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտատարածաշրջանային ուժերը տարածաշրջան կու գան իրենց սեփական՝ մանաւանդ առճակատման օրակարգով։ «Սա կը խանգարէ մեր ընդհանուր խնդիրներու լուծումը», ըսաւ ան՝ Սեն Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած Ռուսաստան-Ատրպէյճան գործարար երկխօսութեան ընթացքին։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024