ՊԱՔՈՒ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԻՐ ՊԱՀԱՆՋԸ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը օրինական է իր երկրին տեսակէտէ։
«Այսօր գլխաւոր խնդիրը Ատրպէյճանի դէմ շարունակուող տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն՝ առաջին հերթին Սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ Հաճիզատէ։ Ան յիշեցուց, որ ուղղակիօրէն յղում կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու կոչին։
Այհան Հաճիզատէ պնդեց, որ Սահմանադրութենէն այդ յաւակնութիւններու բացառումը Պաքուի օրինական պահանջն է։ Իր խօսքով՝ Հայաստան շահագրգռուած չէ կայուն խաղաղութեամբ եւ կը ձգտի տուեալ իրավիճակը պահպանել միայն որպէս պահեստային տարբերակ՝ ապագային Ատրպէյճանի դէմ բռնութիւն վերսկսելու համար։