ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ «ՀԱՅMUN»

Շաբաթավերջին Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «ՀայMUN» նախագիծը համախմբեց պոլսահայ համայնքային լիսէներէ երիտասարդներ, որոնց համար հայերէնով կարծիքներ փոխանակելու եւ քննարկումներ ծաւալելու հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ։

Ծանօթ է, որ աշխարհի վրայ վերջին տարիներուն շատ ընդհանրացած է «Մոտել-ՄԱԿ» ձեւաչափը, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն լիսէականներ կամ համալսարանականներ ի մի կը բերէ՝ պայմանական երկրի մը ներկայացուցիչի հանգամանքով կարծիքներ արտայայտելու եւ բանակցութիւններ վարելու համար։ Այս նոյն նախընթացը ընդօրինակուեցաւ Դպրեվանքի մէջ՝ այս անգամ համայնքային հինգ լիսէներու մասնակցութեամբ եւ մանաւանդ՝ հայերէնով։

Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի գլխաւորութեամբ «ՀայMUN»ի բոլոր մասնակիցները եւ իրենց ուսուցիչները հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024