ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ շուրջ 400 մասնակիցներով։ Վարժարանի լիսէի բաժնի հունձքը հրաժեշտ տուաւ դպրոցին, մինչ միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց վկայականները։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, կրթական մշակներ, դպրոցէն ներս անցեալի մէջ վաստակ ներդրած երախտաշատ անուններ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Տօնախմբութեան մը համազօր մթնոլորտի մէջ Պէյօղլուի ընտանիքը Էսաեան վարժարանի այս տարուան հունձքին հրաժեշտ տուաւ՝ մինչ գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը։ Միջնակարգի շրջանաւարտները վկայականներ ստացան՝ ձեռամբ իրենց տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի, որ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Լիսէի բաժնի շրջանաւարտներն ալ՝ տնօրէնուհի Տենչա Չընարի ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները։ Տենչա Չընար եւս սրտի խօսքով մը շնորհաւորեց իր սաները։ Շրջանաւարտներուն ուղղեալ բարեմաղթութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկեան։

Վկայականներու բաշխման զուգահեռ՝ դափնեկիր շրջանաւարտներուն յանձնուեցան պարգեւներ, մինչ բոլորին վերապահուած էին նաեւ՝ Էսաեանի վկայականին արժանացած ըլլալու վերաբերեալ նուէրներ։

Հուսկ, շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ եւ տղաքը դպրոցի պարտէզին մէջ զուարճացան մինչեւ ուշ ժամերը։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024