ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊՏՈՅՏԸ
Երէկ, Կեդրոնականի ընտանիքը կատարեց իր տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ըստ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Կեդրոնականի ընտանիքը իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին՝ մեծ խումբի մը ձեւաչափով կ՚իրականացնէ դէպի Քիլիոս շրջապտոյտ մը։ Այս տարի ալ դպրոցի բոլոր կրթական մշակներն ու աշակերտները միասնաբար այցելեցին Քիլիոս, ուր բնութեան ծոցին մէջ անցուցին անմոռանալի օր մը։ Պտոյտին մասնակցեցան նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիրլվա Գույումճեան եւ բազմաթիւ պատասխանատուներ։ Օրուան տեւողութեան խումբը խաղաղ մթնոլորտի մէջ ունեցաւ հաճելի ապրումներ։
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը պտոյտը իրականացնելու համար փոխադրամիջոցներու տրամադրման օժանդակութիւն ստացած էր զանազան քաղաքապետարաններէ։