ԱԿՆԱՐԿ - 70 - «ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԳՐԷՔ»
Ունեցած սովորութեանս համաձայն, հայկական մամուլի հին պարբերականները կը թերթատէի: Հետաքրքրական գրութեան մը հանդիպեցայ Պոլիս տպուած «Իգնատ Աղա» շաբաթաթերթին մէջ, «Ինչո՞ւ կը գրէք» վերնագիրը կրող, որ լոյս տեսած է 27 դեկտեմբեր 1919-ին: Յայտնենք, որ տուեալ շաբաթաթերթի տէրն ու տնօրէնը՝ Երուանդ Օտեանը եղած է:
Թէ՛ հարցումը եւ թէ՛ պատասխանները հետաքրքրական էին: Ուզեցի կիսուիլ մեր ընթերցողներուն հետ, ինչպէս նաեւ մեր գրողներուն հետ: Արժէ պահ մը գրողներս ալ փորձենք այս հարցումին պատասխանը տալ: Անդին, գէշ գաղափար մը չ՚ըլլար, եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի խմբագրութիւնը նման հարցադրում մը ուղղէր իր գրող աշխատակիցներուն, տեսնելու շուրջ հարիւր տարի առաջ եւ հիմա տարբերութի՞ւն մը կայ, թէ չկայ:
Բարի ընթերցանութիւն:
• Ֆրանսական գրական հանդէս մը Littérature, շատ մը գրագէտներու սա հարցումը ուղղած է.
- Ինչո՞ւ կը գրէք:
Եւ ընդունած է բազմաթիւ պատասխաններ զոր կը հրատարակէ հետզհետէ:
Ֆրանսական հանդէսին օրինակէն քաջալերուելով, ես ալ ուզեցի նոյն հարցումը ուղղել մեր գրողներուն եւ անոնց պատասխանները հրատարակել «Իգնատ Աղայ»ի մէջ:
Երէկ առտու անցայ թէլէֆոնին գլուխը եւ սկսայ աջ ու ձախ հարցնել մեր գրագէտներուն.
- Աղբար, ինչո՞ւ կը գրես:
Ահաւասիկ ստացած պատասխաններէս մէկ քանին.
Յ. Ասպետ.
- Ես կը գրեմ խըռ1 հանելու համար:
Մարկոս Նաթանեան.
- Կը գրեմ՝ որովհետեւ սնունդը շատ սուղ է եւ տան վարձքերը աւելցած: Ուսուցիչներու ամսականն ալ գիտէք անշուշտ…:
Յ.Ճ. Սիրունի.
- Ես կը գրեմ անմահանալու համար:
Տիգրան Զաւէն.
- Կը գրեմ Աթենասը բարկացնելու համար:
Աշոտ Քէչեան.
- Որովհետեւ Երուանդ Թօլայեանը շատ զբաղած է, անոր համար ստիպուած եմ գրելու:
Վահան Թօշիկեան.
- Եթէ ուրիշ գործ մը գիտես, այս վայրկեանէն վազ կ՚անցնիմ գրելէ:
Աբիկ Մուպահեաճեան.
- Ազգային քաղաքականութիւնը վարելու համար կը գրեմ:
Հայկանոյշ Մառք.
- Կը գրեմ ապացուցանելու համար, թէ միայն էրիկմարդիկը չեն որ գրել գիտեն:
Արամ Ճիւմպիւշեան.
- Կապրաշին ձեռքէն օձիքս ազատելու համար կը գրեմ:
Յ. Պօղոսեան.
- Կը գրեմ որպէսզի գրելով գրելով օր մը կարենամ գրել:
Եդուարդ Գօլանճեան.
- Կը գրեմ որովհետեւ բանաստեղծ ծնած եմ:
Անայիս.
- Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ կը գրեմ, եթէ դուք գիտէք խնդրեմ իմացուցէք ինծի:
Սմբատ Դաւիթեան.
- Կը գրեմ որպէսզի անունս չմոռցուի հրապարակին վրայ:
Արտաշէս Գալփաքճեան.
- Հայ ազգին բարոյականը բարձր պահելու համար կը գրեմ:
Ժիրայր Շիրակացի.
- Ի՞նչպէս չգրեմ, եղբայր, գրաշարը գլխուս վրայ կեցած ձեռագիր կ՚ուզէ:
Ենովք Արմէն.
- Ազգը փրկելու, հայ գրականութիւնը ճոխացնելու, հայկական լեզուն մաքրագործելու համար կը գրեմ:
Մ. Կապրաշ.
- Ամենքը կը գրեն կոր. ես ինչո՞ւ չի գրեմ:
Սիմոն Խորէն.
- Ես կիներու քօմբլիման ընելու համար կը գրեմ… յետոյ պէտք է որ թերթս լեցնեմ:
Վաղարշակ Գալփաքճեան.
- Շիտակը խօսելու համար, չգրեմ նէ ալ կ՚ըլլայ:
***
Թէլէֆոնի հաղորդակցութիւնը յանկարծ ընդհատուելով՝ ստիպուեցայ վերջ տալ իմ հարցումներուս:
Յուսանք որ գալ շաբթու հաղորդակցութիւնը վերսկսի եւ շարունակենք մեր քննութիւնը2 («Իգնատ Աղա», շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 27 դեկտեմբեր 1919, էջ 117-118):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Կռիւ, վէճ:
2 Նման գրութիւն մըն ալ հրատարակած է Օտեան իր շաբաթաթերթին 3 յունուար 1920-ի թիւին մէջ, էջ 138-139: Հետաքրքրուողները կրնան Ազգային գրադարանի գրահաւաքին մէջ գտնել ու կարդալ: