ՈՐՔԱ՞Ն ՄՆԱՑԱԾ Է…

Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ, մասնաւորապէս, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, անմիջականօրէն կապ ունի նաւթամշակութեան, շրջանային ու միջազգային խաղացողներու տնտեսական քաղաքականութեան, նաեւ մարդկութեան պարէնային, նոյնիսկ, կենսալորտային անվտանգութեան խնդիրներուն հետ։ Իբր այդ, անշուշտ, անկարելի է քակել այն բարակ թելերը մեծ քարտէսի մը, որուն հիմքով կը հունաւորուին, երանգ կը ստանան եւ ի վերջոյ միս ու արիւն կը ստանան այն ծրագիրները, որոնք ուղղակիօրէն կը փոխառընչուին նաւթի մեծ խաղերուն, նաւթային անվտանգութեան կամ նոյնիսկ նաւթահանութեան հետ։

Ուշագրաւը այն է, որ մեծ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող երկիրներուն մեծամասնութիւնը եւ հակառակ նաւթի մեծապաշար կուտակումներուն, կը շարունակեն ամէն գնով ստեղծել այնպիսի իրավիճակներ, որոնց շնորհիւ ալ կը փորձեն աւելիով մխրճուիլ մերձաւորարեւելեան տարածքներուն մէջ, յաճախ կերտելով ռազմական խարիսխներ, նաեւ ունենալով մշտական զինուորական ներկայութիւն։

Այս բոլոր շարժումներուն մէջ առաջամարտիկի դերը վերցուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն գործերը անքննելի են, ՄԱԿ-ի մեծ հարթակը զբաղեցնող տէրութեանց այն փոքրամասնութեան համար, որոնց ձեռքերուն մէջ կը յամենայ մնալ աշխարհը պարեցնելու միջոցներն ու փոքր ու մեծ տեսակի թելերն ու պարանները։ Եւ այսպէս, Իրաքի դէմ անարդար ու մարդկային միջազգային կանոնները անտեսող ներխուժումէն սկսեալ, անցնելով Իրանի դէմ մինչեւ օրս շարունակուող պատժամիջոցներու փուլ, սահելով մինչեւ կիպրական տագնապ ու վերջպէս հասնելով մինչեւ Սուրիա, ապա հանգրուանելով Կազզէի մէջ։ Սոյն տագնապներուն, բոլոր տեսակի արիւնահեղութեանց եւ ընդհարումներուն բունն ու արմատը նաւթի խաղերն են, կամ ալ նաւթի շուրջ գոյացած ու ապա դրժուած եւ աւելի վերջ դարձեալ ծրագիր դարձած պայմանաւորուածութիւնները։

Ցաւալին այն է, որ մինչեւ այն պահը, երբ նաւթը չի դադրի միջազգային հետաքրքրութեան առանցք ըլլալէ, աշխարհը եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքը իր բոլոր շերտերով, էթնիք կամ ցեղային տարբերութիւններով, կրօնական կամ համայնքային խաւերով պիտի շարունակէ տապլտկիլ ինքն իր վրայ, դառնալով ու մնալով որպէս արեան մեծ լիճերու մեծ զոհն ու մեծ գերեվարեալը։

Ի հարկէ, երբ նաւթի մասին կը խօսինք, պէտք չէ անտես առնենք, որ նաւթի դրացի գործօնը կազն է, որ կը համարուի աւելի մաքուր գործընկեր մը եւ որուն շուրջ առկայ խմորումները յաճախ կը ստիպեն մեծ տէրութեանց, որ առեւտուրի հիմքեր ստեղծեն նոյնիսկ այն տէրութեանց միջեւ, որոնք թշնամութիւններ ունին եւ սահմանային ջուրերուն մէջ առկայ կազի մեծ պաշարներուն համար պարտաւոր են իրարու հետ խօսիլ ու հասարակ յայտարարներու մասին մտածել։ Այս առումով ուշագրաւ եւ մեծաւ մասամբ դրական տեղաշարժեր եղան նախ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի, ապա Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ։ Ճիշդ է, որ այդ կողմերուն միջեւ ընթացք առած երկխօսութիւնը ամբողջական կերպով չյանգեցուց վերջնական լուծումներու, բայց եւ այնպէս, ստեղծուեցաւ այնպիսի իրադրութիւն մը, որ լաւատեսական պատկեր մը կ՚ընդգծէ բոլորին համար։

Բաց աստի, նաւթի ընդհանուր պատմութեան, անոր պիտանելիութեան, այսօրուան ընդհանուր պատկերին ու ապագայ օգտագործման հեռանկարներուն մասին նիւթ մը հրապարակած է անգլիատառ «Live Science» կայքէջը, որուն անդրադարձած է «News.am» կայքէջը։ Սոյն նիւթէն հատուածներ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հարիւր միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին, նաւթը կուտակուած է մեր ոտքերուն տակ գտնուող խոր ամբարներու մէջ, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորուած են կենդանիներու եւ բոյսերու մնացորդներէն, որոնք յայտնուած են Երկրի տակ եւ ծածկուած աւազի, տիղմի եւ ապարներու շերտով: Ջերմութիւնն ու ճնշումը աստիճանաբար զայն վերածած են հեղուկի:

Մօտաւորապէս 165 տարի առաջ մենք սկսանք արդիւնահանել այս բնական պաշարը արտադրելու համար կերպընկալներ, վառելանիւթ, կուպր եւ շատ այլ ապրանքներ, շատ աւելի արագ, քան երբեւէ կարելի է այն համալրել: Ինչ-որ պահ այն պէտք է վերջանայ: Բայց որքա՞ն մնացած է եւ ե՞րբ պիտի վերջանայ։

Կարճ պատասխանն այն է, որ մոլորակը ինքնին երբեք ամբողջութեամբ չի սպառեր նաւթը, քանի որ անոր մէկ մասը կը գտնուի Անթարքթիքի (Հարաւային սառուցեալ ցամաքամաս) պէս դժուար հասանելի վայրեր, իսկ որոշ մասեր ալ կրնան ըլլալ այնքան խոր գետնի տակ, որ մենք չենք կրնար նոյնիսկ որոշել անոնց քանակը, դեռ չխօսինք անոնց հասնելու մասին:

Կերտուածական սալերը մեծապէս պատասխանատու են, թէ ուր կը յայտնուին նաւթի հանքավայրերը: Զարգացող ովկիանոսային աւազանները բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծեն բոյսերու եւ կենդանիներու արագ թաղման համար, մինչդեռ երկրակեղեւի շարժումը կը ստեղծէ ջերմութիւն եւ ճնշում, որոնք այս նիւթը կը վերածեն նաւթի: Վրայ վրայի բարձումը եւ ճեղքուածքները կրնան յանգեցնել ձեւաւորման աւազաններու, ուր կրնայ կուտակուիլ նաւթը: Հետեւաբար որոշ շրջաններու մէջ նաւթի հանքավայրերու յայտնաբերման հաւանականութիւնը աւելի մեծ է՝ քան միւսներունը:

«Rystad Energy»ի 2023 թուականի ուսումնասիրութեան համաձայն, ամբողջ աշխարհի մէջ շուրջ 1.6 թրիլիոն տակառ չարդիւնահանուած նաւթ կայ: Կան նաեւ նաւթի պաշարներ, որոնք մենք դեռ չենք յայտնաբերած։ Ասիկա աւելի կասկածելի ցուցանիշ է, չնայած 2012 թուականին ԱՄՆ-ի Երկրաբանական ծառայութիւնը զայն գնահատած էր 565 միլիառ տակառ։

Բայց մարդիկ ե՞րբ պիտի սպառեն արդիւնահանուող այս նաւթը: Դժուար է պատասխանել այս հարցումին։

Տասնամեակներ շարունակ ոլորտի փորձագէտները կ՚ըսէին, որ նաւթի պաշարները՝ հիմնուելով յայտնի պաշարներուն վրայ, կը բաւականացնեն մօտաւորապէս յիսուն տարի:

Այս թիւը շատ չէ փոխուած՝ նայած թէ այն ինչպէս կը հաշուարկուի. մինչեւ նաւթի սպառման տարիներու քանակը հաւասար է ներկայիս յայտնի պաշարներուն՝ բաժնուած տարեկան համաշխարհային պահանջարկի վրայ: Ապացուցուած պաշարներու մեր գնահատականը աւելցած է, քանի որ մենք անընդհատ նոր հանքավայրեր կը գտնենք, իսկ մեզի մնացած ժամանակը մասնաւորապէս չէ փոխուած, քանի որ մենք նոր նաւթը կ՚օգտագործենք մօտաւորապէս նոյնքան արագ, որքան կը գտնենք:

Բայց ինչ-որ պահ այս հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխուի։

Ուաշինկթընի «ClearView» հետազօտական ​​ընկերութեան տնօրէն Քեւըն Պուք «Live Science»ին յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ արհեստական ​​բանականութիւնը կը հեշտացնէ նոր պաշարներ գտնելը, իսկ հանքարդիւնաբերութեան նոր ճարտարագիտութիւնները կը հեշտացնեն օգտակար պաշարներու արդիւնահանումը յառաջիկայ տարիներուն:

Միւս կողմէ, նաւթի պահանջարկը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի փոխուի յառաջիկայ տարիներուն։

2023 թուականի ուժանիւթի կանխատեսման մամաձայն, պահանջարկը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի նուազի, քանի որ աշխարհը սկսած է հրաժարիլ նաւթէն, որպէս ուժանիւթի աղբիւր՝ ելեկտրական ինքնաշարժներու անցնելու շնորհիւ: Օրինակ՝ 2023 թուականի հոկտեմբերին, Միջազգային ուժանիւթի գործակալութիւնը յայտարարած է, թէ կ՚ակնկալէ, որ նաւթի սպառումը հասնի իր առաւելագոյնին մինչեւ 2030 թուականը, իսկ անկէ յետոյ՝ նուազի:

Այս կը նշանակէ, որ մենք կրնանք բաւարար քանակութեամբ նաւթ ունենալ կանխատեսուածէն շատ աւելի երկար ժամանակ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024