Ո՛Չ ԹԷ ՆԻՒԹԱԿԱՆԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ԱՅԼ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆԸ
Մեր թուականէն մօտաւորապէս 150 տարիներ առաջ՝ 1880-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ մեծահարուստ աղաներու կողմէ կը հիմնուի որբանոց մը. այդ որբանոցին շուրջ կը հաւաքուին զարգացած դասակարգէ մարդիկ եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ուսուցիչներ, սակայն հակառակ նիւթական լայն հնարաւորութեան՝ որբանոցը կը յաջողի գործել ընդամէնը երեք տարի. սրբազան այդ առաքելութիւնը կը ստանձնէ աղքատ ու կոյր ուսուցիչ մը, որ հակառակ աչազուրկ չքաւոր ըլլալուն, կը յաջողի կանգուն պահել որբանոցը աւելի քան քսան տարի: Ինչո՞ւ այս հակասութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս. ինչպէ՞ս եղաւ, որ մի քանի մեծահարուստ աղաներու եւ բարձրագոյն կրթութեան տէր ուսուցիչներու չյաջողածը յաջողեցաւ ընել աչազուրկ ու կարօտեալ ուսուցիչ մը:
Մեր հայկական շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունի այն կարծրատիպը, որ կազմակերպութիւն մը, կուսակցութիւն մը եւ կամ հաստատութիւն մը պահելու համար ամենէն առաջին հերթին անհրաժեշտ է նիւթականը, այդ իսկ պատճառով մի՛շտ ալ ծրագիր մը նախագծելէ առաջ բոլորն ալ դուրս կու գան նիւթական փնտռտուքի, հաւատալով այն թիւր կարծիքին, որ ինչքան նիւթական՝ այնքան յաջողութիւն կարելի է ապահովել: Սակայն դարաւոր մեր իրականութիւնը եկաւ փաստելու, որ զանոնք պահելու համար դրամէն եւ խելքէն շատ աւելի կարեւոր երկու բան պէտք է. կա՛մք ու նպատակ: Մեր իրականութեան մէջ բոլո՛ր այն կազմակերպութիւնները, որոնք նպատակէն ու կամքէն առաջ նիւթականը առաջնահերթ նկատած են՝ մի քանի տարի իրենց գոյութիւնը քաշկռտելէ ետք անշնչացած են. նպատակը կրնայ դրամ ապահովել, սակայն դրամը ինքնին չի՛ կրնար նպատակ մը ստեղծել: Շատեր կը կարծեն, որ լայն միջոցներ ունենալը յաջողութեան երաշխիքն ու գրաւականն է. այդ համոզումն է, որ քանդեց մեծահարուստ աղաներու կողմէ հիմնուած որբանոցը, որ ունէր նիւթական մեծ աղբիւր՝ սակայն չունէր նպատակ, իսկ աչազուրկ ու չքաւոր ուսուցիչը չունէր նիւթական կարողութիւններ՝ սակայն ունէր կամք եւ այդ կամքն է, որ յաջողեցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջ կանգուն պահել որբանոցը: Մեծահարուստ աղաներուն կեդրոնացումը եղաւ նիւթական խնդիրները, անոնց որպէս «բարերար» ու «մարդասէր» յիշուիլն ու այլ աշխարհիկ մտահոգութիւններ, մինչ աչազուրկ ուսուցիչը սիրտ ու հոգի տուաւ առաջնահերթ նպատակ դարձնելով որբերուն արժանի խնամքը, կրթութիւնն ու ապագան:
Բոլոր միութիւններու պարագային առաջնահերթ կը գտնենք կամքին եւ նպատակին գոյութիւնը. իրականութեան մէջ նպատակ եւ կամք անբաժան եղբայրներ են. առանց նպատակի կամքը ոչնչութիւն է եւ նոյնպէս առանց կամքի՝ նպատակը: Կամքն է, որ կեանքի կը կոչէ նպատակը եւ նոյնինքն այդ նպատակն է, որ կ՚իմաստաւորէ կամքը։ Իրականութեան մէջ ամէն խնդիր չէ՛ որ կը լուծուի նիւթականով. որոշ մարտահրաւէրներ կը պահանջեն կամք, որովհետեւ նիւթականը ժամանակաւոր, սակայն իտէալը անանցանելի ճշմարտութիւն մըն է:
Թերթատեցէ՛ք պատմութեան էջերը եւ տեսէ՛ք. աշխարհի մէջ իրենց անունը անմահացուցած հերոսներուն մեծամասնութիւնը եղած են աղքատներ. պատմութիւնը հազարամեակներու ընթացքին մոռացութեան տուած է բազմահազար մեծահարուստներու անունները, որոնք նիւթականը նպատակի ծառայեցնելու փոխարէն նպատակը նիւթականին ծառայեցուցած են: Աշխարհի մեծագոյն յեղափոխութիւններն ու յեղաշրջումները մեծամեծ գումարներով չէ՛ եղած. անհատներու կրքոտ կամքը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն պայքարի ճամբով հասած է նպատակին եւ այդ մէկը պահանջած է նուիրուածութիւն եւ յստակ նպատակներու գիտակցութիւն՝ ինչ ի տարբերութիւն մեծահարուստ աղաներուն կը տեսնենք աղքատ աչազուրկ ուսուցիչին մօտ:
Պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք բազմաթի՜ւ կազմակերպութիւններ, հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, թերթեր ու կրթական հաստատութիւններ, որոնք հազիւ մի քանի տարի գոյատեւած դատապարտուած են յաւերժական քունի. անոնք մի՛շտ ալ իրենց ձախողութեան պատճառը փորձած են գտնել ժողովուրդին մէջ. ինչքա՜ն տեղին են Պարոյր Սեւակ խօսքերը. «Ամէնքը իրենց բախտից են դժգոհ եւ ո՛չ թէ խելքից...»:
Իսկ այսօր ի՞նչ է մեր վիճակը. բոլորս ալ գիտենք, որ եկեղեցիները, կուսակցութիւններն ու հաստատութիւնները նիւթապէս բարօրալի վիճակ մը ունին (ի՜նչ հակասութիւն.- ժողովուրդին ծառայելու եւ ժողովուրդը հարստացնելու համար ստեղծուած կազմակերպութիւններ իրե՛նք հարստացած են ժողովուրդի փոխարէն), սակայն ի՞նչ է անոնց նպատակը. ունի՞ն յստակ ռազմավարութիւն. անոնց համար յստա՞կ է այն նաւահանգիստը, ուր հասնիլ կը ցանկան: Պէտք է ընդունինք, որ այսօր հաստատութիւնները, կուսակցութիւններն ու եկեղեցիները պահելու համար նիւթականը բաւարար չէ. կրնա՞յ ըլլալ վճարովի հաւատացեալներ, կուսակցականներ ու «կամաւոր»ներ սկսին հաւաքել, զանոնք նպատակին շուրջ հաւաքելու փոխարէն նիւթականին շուրջ հաւաքելով: Մերօրեայ ղեկավարները նպատակ դարձուցած են նիւթականը, սակայն մենք կը յաջողինք այն ատեն, երբ նիւթականը ծառայէ նպատակին եւ այդ հակասութեան զոհն է, որ մենք կը դառնանք այսօր:
Պարզապէս վա՜յ այն ազգին, որ իր պարտութեան պատճառը նիւթական պակասին մէջ կը գտնէ՝ այնպէս ինչպէս կ՚ընեն կեանքի մէջ բոլոր ձախողածները, մոռնալով որ մարդու կամքն ու նպատակները շատ աւելի կ՚արժեն՝ քան նիւթականը: Թող մեր աչքին առջեւ գտնուի, որ մինչեւ օրս աւելի քան դար մը գոյատեւող մեր կազմակերպութիւնները ստեղծուած են նիւթական համեստ պայմաններու մէջ. չքաւորութեան մէջ անոնց կատարած զոհողութիւնները, այսօր մենք մեր հարստութեան մէջ չենք յաջողիր կեանքի կոչել. եւ հիմնականին մէջ հո՛ն է մեր աղքատութիւնը՝ հոգիի աղքատութիւն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ հնդիկները կով կը պաշտեն:
Պատասխան. Հնդիկներու մօտ կովի պաշտամունքը կրօնական, մշակութային եւ պատմական արժէք ունի։ Հնդկական կրօնին մէջ կովը կը յարգուի որպէս մայրութեան եւ աստուածային արժէքներու խորհրդանիշ: Շատ մը հնդկական կրօնական գրութիւններ կը խօսին կովին առաքինութիւններուն մասին, ընդգծելով անոր դրական դերը գիւղատնտեսութեան, ինչպէս նաեւ սնունդի ապահովման մէջ՝ կաթի ճամբով: Կովը անոնց պատմութեան մէջ կապուած է մի քանի աստուածներու հետ: Այս յարգանքը աւելիով ամրապնդուած է մշակութային աւանդոյթներու մէջ, ուր կովը ներկայացած է որպէս անձնուրաց նուիրատուութեան խորհրդանիշ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան