Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԴՈՒԻՆԻ ՄԷՋ ԱՀԱՒՈՐ ԱՂԷՏ
Արդուինի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաւոր բնական աղէտ մը։ Ջրհեղեղի եւ հողասահքի հետեւանքով բառին բուն իմաստով ողբերգութիւն մը յառաջացաւ քաղաքին մէջ։ Սա վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին այս քաղաքէն ներս ապրուած մեծագոյն բնական աղէտը կը համարուի։ Ութ հոգի զոհ գացած է ջրհեղեղին, որու ընթացքին յառաջացած է նաեւ նիւթական ահաւոր վնաս։ Կան նաեւ վիրաւորեալներ։ Սեւ ծովու առափնեայ մայրուղին փակուած է երթեւեկութեան։ Արդուինի գաւառակներէն Արհավիի, Հոփայի եւ Պորչքայի մէջ մասնաւորապէս բարձր են վնասները։ Տեղատարափները վնաս պատճառած են նաեւ Րիզէի մէջ։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015