ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելութիւն մը տուին Պաղեստինի ինքնավարութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթի գծով նախարար Վարսէն Աղաբէկեանին։ Այս վերջինը քանի մը ամիսէ ի վեր պաշտօնի գլուխ կը գտնուի՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան այժմու կառավարութեան կազմին մէջ։

Սուրբ Աթոռին անունով նախարարին ներկայացան Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Տ. Ասպետ Ծայրագոյն Վարդապետ Պալեան, դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան, ինչպէս նաեւ իրաւաբան Ռաէտ Ամայեա, որ Պաղեստինի մէջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան շահերը կը ներկայացնէ։

Զրոյցի ընթացքին Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Վարսէն Աղաբէկեանը եւ իրեն յուշանուէր մը յանձնեցին։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, այս հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ, որ Պաղեստինի ինքնավարութեան իշխանութիւնները դադրած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի գահակալի հանգամանքը ճանչնալէ։ Այս իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի վիճելի վարձակալական գործարքով պայմանաւորուած վերիվայրումներու եւ տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայիս բուռն պայքար կը մղէ այդ գործարքը դատական իշխանութիւններու միջոցաւ կասեցնելու նպատակով։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024