Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԱԾ Է…

Մարդ միշտ անհանգիստ է ապագայի վերաբերեալ հարցականներուն բերումով՝ մանաւանդ, որ տարիները զինք կը տկարացնեն ու հասկնալիօրէն սեփական ուժերուն հանդէպ թերահաւատ կը դառնայ՝ հերթական փորձութեան դէմ պայքարելու, մաքառելու առումով։ Միթէ ապահո՞վ էք անցեալը։ Հոգեբանութի՞ւն…

«Իւրաքանչիւր տարեցի մէջ կայ երիտասարդ մը, որ ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ ի՞նչ պատահած է», ըսած է ամերիկացի երգիծաբան Կռուշօ Մարքս հարցազրոյցի մը մէջ։

Վէճէ դուրս է, որ երգիծաբանները կեանքի դրուագներուն աւելի քաջատեղեակ են՝ քան հոգեբանները։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024