ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ
Կազզէի պատերազմին ծանր հետեւանքները կը շարունակուին։ Քաղաքական համընդհանուր տեսարանին մէջ մինչեւ այս պահը կարեւորագոյն ճիգեր ի գործ կը դրուին հակամարտութիւնը քաղաքական հարթակ փոխադրելու համար։ Մինչ այդ, աւելի քան ակնյայտ է, որ յատկապէս Իսրայէլի պրիսմակէն դիտուած՝ կան անորոշութիւն։ Իսրայէլի կառավարութեան համար այս պատերազմը դարձած է համընդհանուր ձախողութեան իրական սպառնալիք։ Եթէ պահ մը հաշուի առնենք, որ Իսրայէլ վաղն իսկ վճռէ դադրեցնել կրակը Կազզէի տարբեր հատուածներուն մէջ, ապա այդ կը նշանակէ, որ վարչապետ Նեթանիյահու դէմ յանդիման պիտի գտնուի իր իշխանութիւնը կորսնցնելու լրջագոյն սպառնալիքներու տակ։
Միւս կողմէ, կայ նաեւ տեսակէտ, որ իսրայէլացիներուն (յատկապէս իշխանակարգին համար) այսօր հիմնական նպատակը կամ խօսոյթը ո՛չ թէ շրջանին մէջ քաղաքական լուծումներ բերելու գաղափարներով է, այլեւ՝ հասնիլ որոշ լուծումներու, որոնց թագն ու պսակը հոկտեմբերին «Համաս»ի կողմէ իրականացուած ռազմական գործողութեան հետեւանքով գերեվարուած իսրայէլացիները ազատելու գաղափարն ու իղձն է։ Իսրայէլ մեծ հաշուով յայտնուած է անտեսման լուսանցքի մը վրայ, որուն հետեւանքները բաւական բարդ ու ծանր կրնան ըլլալ, եթէ Նեթանիյահու նախ ընդունի ստեղծուած իրականութեան դժուարին ըլլալը ու ապա անցնի կարեւոր քայլեր իրականացնելու։
Այս բոլորին լոյսին տակ շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենան կարեւորագոյն քաղաքական իրադարձութիւններ, որոնց յառաջատարը սիւննի աշխարհի ամենաազդեցիկ տէրութիւնն է՝ Սէուատական Արաբիան։ Սէուտցիներուն համար, հակառակ ստեղծուած բարդ իրավիճակներուն, համընդհանուր երկխօսութեան մը, հետեւաբար նաեւ տարողունակ խաղաղութեան մը հասնելու առանցքները կը շարունակեն մնալ իրատեսական եւ հիմնարար։ Այս դիտանկիւնով է, որ սէուտցիք կը շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ Սէուտցիներու ընդհանուր նպատակը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան աւելի մեծ շերտ-գօտի մը ունենալն է, որուն համար անոնք կարիքն ունին նախ եւ առաջ ԱՄՆ-ի նեցուկին։ Իբր այդ, Ռիատի համար հիմնարար կէտ մըն է ամէն ճիգ գործի դնել՝ օգտուելու համար ԱՄՆ-Իսրայէլ ներկայ լարուածութենէն։ Այս մօտեցումին կը յաջորդէ կարեւորագոյն ճիգեր գործադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային քաղաքականութեան մեծ դաշտին հիմնական առանցքներուն դնել Պաղեստինի պետութիւն մը հիմնելու ու այդ ստեղծուածին իրաւացիութիւնը աշխարհին կողմէ տանելի եւ ընդունելի մօտեցումի մը վերածելու հիմնարար վարկածը։ Այս կէտին, Ռիատ երկխօութիւն յառաջ կը տանի ԱՄՆ-ի հետ։ Բաց աստի, խուսանաւելով Թել Աւիւ-Ուաշինկթըն տարակարծութիւններու ջուրերուն մէջ եւ վերահաստատելով վերջին տարիներուն մեծապէս տարածում գտած այն վարկածը, որ կը հիմնաւորէ Սէուտական թագաւորութեան ու անոր երիտասարդ գահաժառանգին՝ Մուհամմէտ պին Սալման իշխանին ներուժն ու հաւաստի ըլլալը։
Միւս կողմէ, այս նիւթին մասին բրիտանական «The Guardian»ը կատարած է տեղեկագրութիւն մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ ստորեւ։
Ըստ «The Guardian»ի՝ Կազզէի հատուածին մէջ հրադադարի բացակայութեան եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հարցով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի անզիջող պայմաններուն ներքեւ՝ Սէուտական Արաբիան կը ձգտի «փլան B»ի մը, որ աւելի համեստ եւ Իսրայէլը բացառող համաձայնութիւն մը կրնայ ըլլալ։
Ծրագիրը կը նախատեսէ երկկողմանի համաձայնագրերու ստորագրում ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, որ կը վերաբերի՝ պաշտպանական համաձայնագրին, քաղաքացիական նպատակներով Սէուտական Արաբիոյ միջուկային ուժանիւթի արդիւնաբերութեան կառուցման ուղղուած ամերիկեան աջակցութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն։
Ատոր փոխարէն Իսրայէլին պիտի առաջարկուի Ռիատի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում՝ երկու պետութիւններու լուծումը ընդունելու դիմաց։ Եւ «փլան B»ին համաձայն՝ ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա գործարքներու իրագործումը կախեալ պիտի չըլլայ Նեթանիյահուի կառավարութեան հաւանութենէն: Այդուհանդերձ, որոշ նշաններ կը վկայեն Պայտընի ճամբարին մէջ երկմտանքի մասին, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնեաները աւելի նուազ կառչած կը մնան ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա համաձայնագրերը Իսրայէլի հետ կարգաւորելու եւ երկու պետութիւններու լուծման հետ կապելու գաղափարին:
Ի դէպ, վերջերս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը եւ ԱՄՆ շատ մօտ են երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի համաձայնագրերու կնքման, ներառեալ անվտանգութեան համաձայնագիրը: «Աշխատանքի մեծ մասը իրականացուած է, մենք նախանշած ենք պաղեստինեան ճակատի վրայ տեղի ունենալիքի ընդհանուր ուրուագիծերը եւ այդ հարցը սերտօրէն համաձայնեցուցած ենք պաղեստինցիներուն հետ. այն պէտք է ըլլայ իրատեսական ճանապարհ դէպի Պաղեստին պետութիւն, վստահելի եւ անշրջելի՝ ճանապարհ. սա է միակ ճանապարհը», ըսած է ան։
Միւս կողմէ, կը նշուի, որ Սպիտակ տունը աշխուժացուցած է շփումները Թէլ Աւիւի եւ Ռիատի հետ՝ հասնելու համար անոնց միջեւ պաշտօնական կարգաւորման, որուն կը ձգտի հասնիլ մինչեւ ամերիկեան ընտրութիւնները, եւ որուն միտք բանին է՝ «Նեթանիյահուի Պաղեստինի պետութեան սկզբունքի նոր ընդունումը՝ Ռիատի կողմէ դիւանագիտական ճանաչման դիմաց»:
Միեւնոյն ժամանակ, չորս ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնեաներ ըսած են, որ Սպիտակ տունը կը շարունակէ աշխատիլ ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա պաշտպանութեան պայմանագրի եւ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիական միջուկային ծրագրին ամերիկեան աջակցութեան հետ կապուած փոխըմբռնումներու մշակման վրայ: Ամերիկացի պաշտօնեաները յոյս ունին, որ երկկողմանի համաձայնութեան կը հասնին սէուտցիներու հետ, որպէսզի զայն ներկայացուի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին՝ անոր բացատրելով, որ այս համաձայնագիրը կը ներառէ երկու պետութիւններու լուծման տանող ճանապարհի յանձնառութիւն:
Աւելի վերջ Նեթանիյահուն երկու տարբերակ պիտի ունենայ՝ կա՛մ պիտի համաձայնի, կա՛մ հրաժարի եւ կորսնցնէ այն, ինչ որ մնացած է ամերիկեան աջակցութենէն։
Սէուտական Արաբիան ալ, իր հերթին, նախազգուշացուցած է ԱՄՆ-ը Իսրայէլի հետ բնականոնեցման համաձայնութեան հասնելու հնարաւորութեան մասին չափազանցութենէն՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ ռազմավարութիւնը գլխիվայր շրջուած է, Կազզէի հատուածի մէջ պատերազմի յառաջացուցած զայրոյթին պատճառով։
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու կաճառը հաստատած է, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձերը կը բախին լուռ, բայց նշանակալից, ժողովրդական ընդդիմութեան, որ վատթարացած է մասնաւորապէս Կազզէի դէմ պատերազմէն ասդին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան