ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ ֆրանսացի պաշտօնատարներու հետ։ Այսպէս, Արմէն Գրիգորեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի դիւանագիտական խորհրդական Պերթրան Պուշվալթերի, Ֆրանսայի վարչապետ Աթալի դիւանագիտական խորհրդական Ստեֆան Մարքիզիուի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան պետ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տարածաշրջանային վերջին զարգացումները խոշորացոյցի տակ առնուեցան Փարիզի բոլոր քննարկումներուն ընթացքին։

Միւս կողմէ, Երեւան-Փարիզ համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի նաեւ պաշտպանութեան եւ ռազմաարդիւնաբերութեան բնագաւառներէն ներս։ Այսպէս, երկու երկիրներու միջեւ վերջերս համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ շօշափելի նոր քայլեր առնելու ուղղութեամբ ամենաբարձր մակարդակի վրայ համաձայնութիւններ գոյացան։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ այցելեց Ֆրանսա։

Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Պաքու կը շարունակէ բողոք յայտնել Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան դէմ։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024