ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի տասնմէկ շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի հանդէսը տեղի ունեցաւ համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ եւ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Ներկաներու շարքին էին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ գործակից ընկերները, Գատըգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու։

Հանդէսի բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հերոս Մելէք։ Տեսանիւթով մը ներկայացուեցաւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի շրջանաւարտութեան փուլը։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին շրջանաւարտները, որոնց ծափահարութիւններով յանձնուեցան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները՝ մինչ դափնեկիրներուն համար ալ պատրաստուած էին պարգեւներ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին դասարանի ուսուցչուհի Մելիսա Չելիք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, փոխ-տնօրէն Եուսուֆ Տեմիրթաշ, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Սաթար, որ արտայայտուեցաւ շրջանաւարտներու ծնողներուն անունով։

Վկայականներու յանձնման արարողութենէն վերջ, շրջանաւարտներուն ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտը։ Բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները, որոնց բարեմաղթութիւններ յղեցին ապագայ ուսումնառութեան շրջանին համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024