ՆԱՄԱԿՆ ՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Յարգելի մտերիմ ընկերս,
Մեր ներկայ այս վիճակը, իրապէս՝ անսովոր է, եւ տեսքն ալ՝ խղճալի:
Քեզի կը ներկայանամ մտածումներուս անթիւ փշրանքներով, որոնք կանուխէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս: Որովհետեւ, այլեւս կարելի չէ պաշտպանուիլ մաշած բառերու թումբերով, սին խոստումներով եւ կրկնուած շատախօսութիւններով:
Մտահոգ եմ եւ ինծի նման հազարաւորներ: Մտահոգութիւններ, որոնք զիս կը տանին դէպի հարցադրումներու երկար եւ մութ սեմին, որոնց պատասխանները քեզմէ անհամբեր կը սպասեմ:
Այսպէս, միտքս պարզեմ.- ըսէ՛,- ե՞րբ պիտի մտածենք ազգովին դուրս գալ մեր այս խառնակ, անախորժ, ամօթալի եւ մեր ձեռքերով իսկ ստեղծուած հայրենի թէ սփիւռքի խառնակ իրավիճակներէն: Բոլորս ալ դարձած ենք ինքն իրեն չվստահող մարդ: Անճանաչելի: Անորակ: Ըսէ՛, ե՞րբ կանգ պիտի առնեն ատելութեան այս շունչն ու նախանձը:
Ու տակաւին.- ինչպէ՞ս պիտի կարենանք չափել հայուն ստացած հին ու նոր հարուածներուն հետեւանքները եւ հաշտուիլ անհասկնալիին հետ, որպէսզի գտնենք ու ճոխացնենք վաղուան մեր յոյսն ու ճամբան: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք կապուիլ ժողովուրդին հետ եւ սողալ մարդոց մտքերուն մէջ, վերաշինելու համար հայու մեր կեանքը ու կառուցելու մեր երազանքը:
Վերջապէս ի՞նչ կը նշանակէ այս: Նման բաներու դիմաց իրապէս սիրտդ ալ կը մաշի: Որովհետեւ, այս իրողութիւններէն մեկնած, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ քալել ներկայէն դէպի վաղը հասնելու: Այս վիճակով ինչպէ՞ս նոր սերունդին ուղղութիւն կրնանք տալ, երբ անկարելի է հանդուրժել վաղուան անստգութիւնը:
Ե՞րբ հայրենիքը իր բուն նպատակին պիտի հասցնենք: Ըսէ՛...: Այս բոլորը ի՞նչ սրտով, երբ կեանքը մխիթարական բան մը իսկ չունի եւ չունինք: Ինչպէ՞ս մեր ինքնութեան հաւատարիմ պիտի կարենանք մնալ, եւ ստեղծենք հայու կենսախինդ եւ լուսաւոր վաղը: Ահա՛, իբրեւ սրտակից հայ, մտահոգութիւններուս շարանը...:
***
Պատասխան.
Յարգելիս,
Հարցումներու շարանիդ մանրամասնեալ պատասխանը հատոր մը կը գոյացնէր:
Պատասխանեմ ընդամէնը քանի մը տողով:
Հոն ուր կը բացակայի ՍԷՐ-ը, խարխափումները, խաւարը, անորոշութիւնները եւ ամէն տեսակ բացասական երեւոյթները տիրական կ՚ըլլան:
Մեր ազգի հարցերուն լուծման բանալին ես կը տեսնեմ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԵԱՆ մէջ: Մենք պէտք ունինք բարոյական դրական հարուածներու. հարուածներ, որոնք ըլլան ցնցիչ, օրինական, բայց եւ՝ անսովոր:
Տարիներէ ի վեր մտածած եմ տունէն դուրս ելած ատենս ուսիս կրել պարկ մը, ձեռքիս ալ՝ գետնէն աղբ ճանկող երկաթեայ ձող մը եւ ուր գետինը տեսնեմ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՈՎ գրութիւն՝ վերցնեմ ու դնեմ պարկին մէջ՝ փրկելով սրբասուրբ Մեսրոպի գիրերը ոտնակոխան ըլլալէ: Այդպիսով, տեսնողներուն մէջ հոգեփոխութեան իմ գործս կատարեմ:
Այս առթիւ քեզի պատմեմ այս դրուագը, որու անձամբ ականատեսը եղած եմ Հալէպի մէջ: Օր մը, երբ փողոցէ մը կ՚անցնէի, տեսայ աղտոտ «կալլապիէ» հագած, Նոթրը Տամի այլանդակը յիշեցնող տեսքով մէկը, որ գետնէն թուղթեր կը վերցնէր, կը բանար զանոնք, աչք մը կը նետէր անոնց վրայ, մէկ մասը ծալելով գրպանը կը դնէր, ուրիշներ ետ գետին կը նետէր: 2-3 վայրկեան դիտեցի անոր ըրածը: Խելքիս չպառկեցան անոր շարժումները: Հետաքրքրուած՝ մօտեցայ անոր: Մեր միջեւ եղաւ այս խօսակցութիւնը.
-Ասսալամու ալեյքում հաճճի: Ի՞նչ կ՚ընես,- ըսի իր լեզուով: Քանի մը վայրկեանէ ի վեր քեզ կը դիտեմ, բայց չկրցայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՚ընես:
-Եա ըպնի (տղաս), թուղթերը գետինէն կը վերցնեմ ու կը նայիմ, եթէ հոն արաբերէն գրութիւն կայ՝ գրպանս կը դնեմ, իսկ եթէ չկայ՝ ետ գետինը կը նետեմ: Չեմ ուզեր որ մարդիկ ոտնակոխ ընեն Աստուծոյ՝ մարդկութեան առաքած սուրբ գիրքին՝ Ղուրանին գիրերը:
-Իսկ ի՞նչ կ՚ընես գրպանդ դրածները: Աղբամա՞ն կը նետես յետոյ:
-Ո՜չ, ի՞նչ աղբաման: Յետոյ կ՚այրեմ եւ այդպիսով կը մաքրեմ:
Ցնցուած էի: Կը խոստովանիմ, այդ խեղանդամ ու փնթի արաբ մարդը իմ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉներէս մէկն եղաւ:
Անոր համար ես ալ կ՚ուզեմ նման ցնցող բան ընել այս թմրած ազգը ԱՐԹՆՑՆԵԼՈՒ համար: Կը հաւատամ, որ յաղթանակներն ալ, պարտութիւններն ալ առաջին հերթին կը կերտուին հոգեւոր ու բարոյական մարզերուն մէջ, ապա նոր միայն նիւթական տեսք կը ստանան:
Մեր այս վերջին ազգային աղէտները սկսան երբ անկախութեան հռչակումէն ետք չկրցանք/չուզեցինք նորոգուիլ բարոյապէս եւ հոգեպէս: Եւ ՇԱՏ ԲՆԱԿԱՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅԻՆ ԱՅՍ ԱՂԷՏՆԵՐԸ:
Արդէն երեք տարիէ աւելի է, ինչ կը տարածեմ հետեւեալ օրինակը. գերմանացիք ու ճաբոնցիք Համաշխարհային պատերազմը կորսնցուցին կատարեալ անձնատուութեամբ եւ ահաւոր վնասներով՝ քարուքանդ երկիր, միլիոնաւոր սպանեալներ ու վիրաւորներ ժառանգելով: Բայց ի՞նչ ըրին: Սկսան զիրա՞ր յօշոտել, փողոցնե՞ր չափչփել, մէկը միւսին հայհոյել... Ո՛Չ: Անոնք շուտով հասկցան, որ ՄԻԱՅՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔով կրնան վերականգնել այդ աղէտներու վնասներուն մեծ մասը: Եւ ընդամէնը տասնամեակ մը յետոյ անոնք բռնած էին զարգացման ուղին, իսկ 1960-ականներուն արդէն ունէին աշխարհը նուաճող հզօր տնտեսութիւն: 45 տարի ետք գերմանացիք ետ բերին արեւելեան Գերմանիան, կասկած չունիմ, որ ճաբոնցիք ալ օր մը ետ պիտի բերեն իրենց հայրենիքէն գրաւուած Քուրիլեան կղզիները:
Մենք պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը՝ հայկական մնացած այս վերջին կտորը, որպէսզի համաշխարհային հերթական տակնուվրայութեան ժամանակ ունենանք երկաթէ շերեփ, հնարաւորինս մեծ ծայրով, որպէսզի հերիսայէն վերցնենք հնարաւորինս մեծ պատառներ:
Արդ, կը յուսամ, թէ որոշ չափով կրցայ պատասխանել հարցումներուդ:
Ողջ եւ առողջ մնա՛...:
Ընկերդ...
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ