ՅԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ - Ա -
Ստորեւ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք կարգ մը յատուկ անուններու իմաստներու ցանկը՝ որ ընդհանրապէս աւելի գործածական են եղած եւ յաճախ կարելի է հանդիպիլ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Յուսանք օգտակար պիտի ըլլան այս տեղեկութիւնները Սուրբ Գիրքի ընթերցման ժամանակ։
ԱԲՐԱՀԱՄ. Կէս-թափառաշջիկ ցեղի մը տոհմապետը՝ որ Աստուածաշունչի մէջ կը համարուի հրեայ ժողովուրդի եւ համայն հաւատացեալներու նախնին։ Ան ապրած է Քրիստոսէ առաջ 1800-ական թուականներուն։ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ան յայտնած է յանձն առնելով զոհաբերել իր Իսահակ որդին, սակայն Աստուած կասեցուց անոր արարքը. (ԾՆՆԴ. ԻԲ 1-19)։ «Աբրահամ»ի իմաստն է՝ ազգերու կամ բազմութիւններու հայր։
ԱՆԴՐԷԱՍ. Տասներկու առաքեալներէն մէկն է՝ Սիմոն Պետրոսի եղբայրը, որ միասին կանչուած են Յիսուսի կողմէ։ «Անդրէաս» կը նշանակէ՝ առնական։
ԱՐԻՄԱԹԻԱ. Հրէաստանի մէջ քաղաք մը՝ Երուսաղէմէն մօտ քառասուն քիլօմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք. Յովսէփ Արիմաթիացիի ծննդավայր։ «Արիմ» կը նշանակէ՝ երկիր. Հոմերոսի եւ ուրիշ աղբիւրներու համաձայն։
ԲԱԲԵԼՈՆ. Մեծ կայսրութեան մը մայրաքաղաքը՝ որ կ՚ընդգրկէր ներկայ Իրաքի սահմանները, Եփրատի հովիտը։ Բազմաթիւ հրեաներ աքսորուեցան այնտեղ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի կողմէ՝ սկսած նախքան Քրիստոսի 590 թուականէն։ Անոնցմէ շատերը, 538 թուականէն սկսած, վերադարձան իրենց հայրենիքը Կիւրոսի կողմէ հրապարակուած հրովարտակի մը շնորհիւ՝ որով կ՚արտօնուէր անոնց վերադարձը։
«Բաբելոն» անունը յառաջացած է յունարէնէն, որ ան ալ իր կարգին փոխ առած է աքատեան պապ-իլի(մ) «bāb-ili(m)», թարգմանաբար՝ Աստուծոյ (Իլի-մ-) դուռը (bābu-m-) բառէն։ Այս անունին՝ «bāb-ilāni». «Աստուածներուն դուռը» կը հանդիպուի նաեւ գրութիւններուն մէջ։ Բառին ծագումը, թերեւս «Պապալ», Babal կամ Պապուլու. «Babulu» հնագոյն անծանօթ լեզուէ մը։
ԲԱՐԹՈՂՈՄԷՈՍ. Յիսուսի տասներկու առաքեալներէն մէկը, որ քրիստոնէութիւն քարոզեց եւ նահատակուեցաւ Հայաստանի մէջ։ «Բարթողոմէոս» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ որդի, կամ՝ եղբօրորդի։
ԲԵԵՂԶԵԲՈՒՂ. Սատանայի բազմաթիւ անուններէն մէկը՝ դեւերու իշխանը։ Բեեղզեբուղ կը նշանակէ՝ «իշխան Բաաղ»։
ԲԵԹԱՆԻԱ. գիւղ՝ որ կը գտնուէր Երուսաղէմէն երեք քիլօմեթր դէպի արեւելք, Ձիթենեաց լերան միւս կողմը։ Կը թուի, թէ Յիսուս այնտեղ կ՚անցընէր գիշերները իր Երուսաղէմ կեցութեան ժամանակ։ Այդ գիւղին մէջ էր, որ ան ճաշի նստաւ բորոտ Սիմոնի տունը։
«Բեթանիա» անունը կը նշանակէ՝ արմաւի տուն։
ԳԱԼԻԼԻԱ. Պաղեստինի հիւսիսը գտնուող հրէական գաւառ։ Նուազ լեռնային շրջան մը ըլլալով, Յուդայի երկրի նկատմամբ, եւ գտնուելով Երուսաղէմէն մօտաւորապէս հարիւր քիլօմեթր հեռու, ան կը հանդիսանար հաղորդակցական բազմաթիւ ճամբաներու կայան եւ այդ պատճառով ալ Երուսաղէմի հրեայ բնակչութեան կողմէ կը տեսնուէր որպէս «կասկածելի» շրջան մը հեթանոսներու ներթափանցման համար։ Գալիլիայի մէջ էր որ գլխաւորապէս տեղի ունեցաւ Յիսուսի քարոզութիւնը։
ԳԵԹՍԵՄԱՆԻ. Երուսաղէմի շրջակայքը, Ձիթենեաց լերան ստորոտին գտնուող վայր մը՝ ուր Յիսուս աղօթեց Աւագ հինգշաբթի օրը, երեկոյեան, ձերբակալուելէն առաջ։
- Պիտի շարունակուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ