ՄԹՆՈԼՈՐՏ-ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եւ որովհետեւ միտքս մտահոգ հարցերու ամբար մը դարձած է, անոր համար յաճախ կրկնութեան գնով կ՚ուզեմ ընթերցողին հետ կիսել կարգ մը միտքեր: Իբրեւ նախաբան նաեւ յիշեցնեմ, որ բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ ինչպէ՞ս ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են, միաժամանակ նիւթականացած՝ մեր բոլոր արժեւորումներն ու անոնց չափանիշները: Կեղծ իրականութիւններով մենք զմեզ շրջապատած ենք: Չենք անդրադառնար, որ եղած ենք մակերասային ու դարձած ենք անփոյթ ու նետուած տեսակ մը ինքնախաբէութեան մը ընդարձակ գիրկը: Ենթադրութիւններու, նախապաշարումներու, անձնական կիրքերէն ծնունդ առած աղաւաղուած պատկերներու վրայ հիմնուած մտածումներով ու գաղափարներով սկսած են «սնանիլ»: Ա՜լ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է: Արթննանք:
Ու նման մտածումներ, բազմաշերտ գաղափարներ անկասկած հարազատ ծնունդ են մեր ապրած գաղութի կեանքի զանազան ելեւէջներուն, գունաւոր եւ անգոյն իրավիճակներուն ու տեսակաւոր պատկերներուն ու ներքին եւ արտաքին հարցերուն:
Յաճախ նման ճշմարտութիւններ, ճակատաբաց եւ նոյնքան ալ համարձակ պէտք է երեւան բերել, արեւու լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան լաւապէս տեսնել, ճանչնալ եւ տնօրինել: Որովհետեւ, անէծք սատանային՝ չենք կրնար ամէն բան բախտին ձգել: Եւ իբրեւ վերադարձի բերող յարգելի նշումներ, կը հաւատամ, որ նման «բաներու» համար էական է հայ գրողին շունչն ու ոգին: Անկողմնակալ եւ դրական:
Քաջ գիտենք որ գրողը, իր ժամանակի տարեգիրքն ալ է. յուշարարը, օրագրութիւն պահողը, օրուայ կացութեան թարգմանը, իրականութիւն տեսնողը եւ ամէն մտածում ժամանակի շունչով անկեղծ պատկերումներով թուղթին յանձնողը: Գրողը նաեւ ունի կարեւոր առաքելութիւն. քննել եւ փնտռել մեր գրական դաշտավայրը յուզող խնդիրները, փնտռել եւ առաջարկել արդար լուծումներ: Այս բոլորը՝ անշուշտ եթէ լսողներ կամ տեսնողներ ըլլան...:
Բայց միւս կողմէ ճշմարտութիւն ու ցաւալի իրողութիւն ալ է, որ գաղութէն ներս իւրաքանչիւր գրող իր պատեանին մէջ կ՚ապրի կղզիացած: Տեսանելի է:
Ուրեմն... մեկնելով այս մտահոգութիւն-իրականութիւններէն, կը կարծեմ ժամանակն է, որ մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները վերանայումի ու վերարժեւորումի ենթարկենք։ Բոլորս ալ սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք:
Մեր մօտ մշակութային տագնապ կայ: Լուծում կը փնտռենք եւ սակայն չենք անդրադառնար, որ ամենէն առաջ մեզի կ՚իյնայ դուրս գալ մեր ներկայի մակերեսէն:
Գրական մթնոլորտի պակասը. կ՚ըսեմ միշտ շուրջիններուս: Այս առթիւ իմ կարծիքով՝ ամէն հրամցուած ճիգ եւ կամ նախաձեռնութիւն, բաւարար չեն:
Մէկ խօսքով՝ գաղութը մշակութային քաղաքականութիւն ըսուածն ու ծրագիրը չունի: Կայ միայն ներքին իրականութիւն, որ արտաքինէն խեղդամահ եղած է:
Գաղութէն ներս «կը կաղանք»: Մարդիկ, մտածող միտքեր, ժամանակ «չունինք»ով ինքզինքնին կ՚արդարացնեն, եւ նման հարցերու լուծումներ գտնելու ո՛չ սիրտը ունին եւ ոչ «հաւասը»: Նաեւ տեսնուած է, որ գաղութէն ներս ամէն մարդ իր երգը ունի, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ իր եսին շարունակութիւնը:
Մշակութային քաղաքականութիւնը ողջունելի է միշտ, որովհետեւ ապրեցնող եւ կենսունակութիւն պարգեւող է: Ու այս մէկը կ՚ենթադրէ պատասխանատու մօտեցում, առանց հռետորութեան մարզանքներու եւ մեծամտութեան ու յաւակնութիւններու:
Ուրեմն՝ լծուինք լուրջ ծրագրումի: Փնտռուածը՝ կը շեշտեմ, համախմբումն է: Գիր գրականութիւն գաղութէն ներս ծաղկուն պահելու ճիգն է: Կրկնութեան գնով յիշեցնեմ՝ մթնոլորտ ստեղծելն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել հայ մտքերը: Հայեցի իմացութիւնը նորոգել:
Գիտենք, որ համբուրելի արժէքներ ունեցող գրիչներ կան: Կան նաեւ եւ անկասկած՝ հայ նոր ուղեղներ, նոր երազներ գծողներ, հայ միտքը իր անապատէն հեռացնողներ եւ ճիշդ այս գաղափարին հաւատացող հետեւորդներ: Օգտուինք: Խմբենք:
էականը՝ յայտնաբերել եւ քաջալերել...: Գրական նոր ընտանիքի վերակազմում:
Ձեւով մը շրջանի հայութեան մտքի շաղկապում:
Ու այս բոլորին համար հաւաքական կամք պէտք է: Տակաւին վարանում մը կայ մեր մտքերուն մէջ: Տակաւին պատրաստ չենք իրականութիւնը յանձն առնելու: Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է:
Լաւ յիշենք... մեր լեզուն եզակի գանձ է: Հայ միտքերը կապելու բանալին: Հոգեկան կապը պահող միջոց: Մտածենք մեր գրական կեանքը ճոխացնել, խրախուսելով նոր գրողներու ստեղծագործական ջանքերով: Ուստի պայման է, որ դուրս գանք մեր բոլոր ո՛չ միայն նշմարելի՝ այլ տեսանելի թերութիւններէն, անիմաստ ախորժակներէն, հին ու նոր վէճերէն, ձեւական գնահատականներէն, հինցած եւ արդուկը անցած մտայնութիւններէն, անձնասիրութիւններէն, սնապարծութիւններէն, աժան ծափահարութիւններէն, պահելու համար մեր տոհմայինը եւ ազգայինը։
Արդեօք քաջութիւնը ունի՞նք նման համախմբում մը նախաձեռնելու:
Միաւորենք եւ միաւորուինք: Մեր շարքերը երիտասարդացնենք։ Մօտենանք անոնց։ Վստահութիւն ներշնչենք։ Առիթ ընծայենք, որ իրենք ալ մասնակից դառնան մեր ներկայ պատմութեան։ Օգտուինք իրենց ձեռք ձգած ուսումէն եւ գիտութենէն ու միասին մտածենք, ծրագրենք եւ իրագործենք։
Համախմբում,- կը կրկնեմ,- որ նաեւ կը նշանակէ գրական կամուրջի ստեղծում: Առաւել՝ գրական-մշակութային միասնական մթնոլորտ-դաշտի ձեւաւորում: Գաղութը վերադարձի բերող յուշ: Նոր շունչ՝ գաղութի մշակութային եւ ազգային կեանքին նոր էջ: Նոր երազ եւ նոր լոյսին բացուող միտք եւ ճշմարտութիւն: Նոր կերպարի ընկալում վաղուան յոյսն ու լոյսը ճոխացնող: Լուսաւոր եւ կենսախինդ: Մեր գրականութեան ներկան յուզող հարցերը քաջաբար քննարկելու եւ մեր ցանկալի վաղուան հաշուոյն նոյնքան խիզախ եւ համապարփակ լուծումներ առաջադրելու գիտակից յանձնառութեամբ։
Անշուշտ, այս մէկը դժուար աշխատանք մըն է, սակայն կը նկատեմ անհրաժեշտ: Մեր ներկայ կեանքի ու միջավայրի նեղ շրջագիծերէն ու դրուածքներէն պէտք է դուրս գալ ու նոր մտածելակերպ պէտք է զարգացնել՝ պահելով հանդերձ մեր ինքնութեան խարիսխը հանդիսացող մեր արժէքները, չափանիշներն ու սկզբունքները։
Այս ծրագրումին յաջողութեան համար, անհրաժեշտ է... իրարու քով գալ, զիրար հասկնալ: Զիրար գնահատել: Չենք կրնար զիրար ատելով եւ զիրար անտեսելով ու չճանչնալով ապրիլ եւ յառաջանալ: Լուրջ եւ խոհեմ: Առողջ մտածողութեամբ: Փնտռուածը մեր շրջանի հայ գիրով ու գրականութեամբ նուիրուած եւ զբաղող մարդոց համախմբում մը ստեղծուի: Նոր մթնոլորտ: Նախ պէտք է սփիւռքեան մեր մտածող մտքերու բեկորները անմիջապէս մէկտեղել, անկեղծ մօտեցումով եւ վերաբերումով ու միասնաբար մէկ յարկի տակ: Հայ ընթերցողը, հայ գրողէն միշտ կը սպասէ իր խօսքը: Կը փնտռէ զինք: Ուստի նախապայման է այս վերաբերմունքը պահել:
Գիտակից, հեռատես եւ արթուն գրիչներու կարօտը ունի գաղութը, որոնք յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում պիտի ցուցաբերեն, որեւէ գործի մը յաջողութեան: Պատասխանատու կեցուածք:
Անոնց ընտրութիւնը կախեալ է միայն մեր կամքէն։ Մեր գիտակցութենէն։
Ճիշդ է, որ հոն թերութիւններ, անյաջողութիւններ կան, եւ պիտի ըլլան, բայց կարելի է խուսափիլ, երբ քիչ մը աւելի խստապահանջ ըլլանք նախ մենք մեզի հանդէպ: Բոլոր հարցերն ալ լուծելի են: Էականը մեր այդ թերութիւնը միասնաբար վերացնելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնն է:
Վերջապէս հայ գրողն է, որ կրնայ հայ մարդոց հոգիներուն խորը կանչել, հայուն վաղուան մասին մտածել, կարծիք կազմել՝ առանց խտրութեան:
Իրատես պահը՝ ժամանակի գիտակցութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ