Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Բնութիւնը լաւատեսութեան հիմնական աղբիւրն է։ Մարդ ներքին անդորրը կը վերականգնէ բնութեան հետ շփումներով՝ տեսարան դիտելէ սկսեալ, մինչեւ մարմնամարզը… Մարդ թէեւ ինքզինք կը վերագտնէ բնութեան մէջ, սակայն, զայն երբեք չի խնայեր։
Ընկերային ցանցերէն մէջբերում մը. «Անցեալին մարդիկ յեղափոխութիւն կ՚ընէին, երբ գոհ չըլլային իրենց կեանքէն, իսկ այսօր գնումի կ՚երթան»։
Յամենայնդէպս, բոլոր ժամանակներու յեղափոխութիւններուն կամ ապստամբութիւններուն թալանուած են առեւտուրի կեդրոնները։
Հետաքրքրական յարաբերակցութիւն է. բնութիւն, գնում, կեանքէ գոհ ըլլալ-չըլլալ, յեղափոխութիւն…
Մարդ կրնա՞յ բնութիւն գնել։ Այսպիսի հարցումներու հասցէատէրը վաղուց սկսած է համարուիլ արհեստական բանականութիւնը։
Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024