ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան օրհնութեան գիր մը ուղարկեց նախկին պոլսահայ Արտաշէս Սրկ. Նշանեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Արտաշէս Սրկ. Նշանեանին։ Այս փուլին ընթերցուեցաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը, որու բովանդակութեան մէջ բարձր գնահատուած է բազմամեայ սարկաւագին կողմէ ծաւալուած երախտաշատ աստուածահաճոյ գործունէութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024