ՇԻՐԻՆ ՔԸՅԸՃԸ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏՈՔԹՈՐԻ ԿՈՉՄԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիրին Քըյըճը յաջողութեամբ աւարտած է իր տոքթորայի շրջանը՝ ատամնաբուժական կալուածէն ներս։
Շիրին Քըյըճը 1982 թուականին ծնած է Քասթամոնուի մէջ։ Երեք տարեկանին ընտանեօք հաստատուած են Իսթանպուլ, ուր ան Պէզճեան Մայր վարժարանն ու Սահակեան-Նունեան վարժարանը աւարտելէ վերջ մուտք գործած է Իսթանպուլի համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Բժշկատարրաբանական գիտութիւններու բաժնին մօտ բարձրագոյն ուսման սկսելէ վերջ, երկրորդ տարուան հանգրուանին ան որոշած է հետեւիլ ատամնաբուժութեան։ Կիսատ թողլով իր ուսումը վերստին մասնակցած է համալսարանի մտից քննութիւններուն ու մուտք գործած՝ Մարմարա համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէն։ 2001 թուականին ձեռնարկած իր ուսումը աւարտած է 2007-ին։ 2011 -ին Իսթանպուլի համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէէն ներս սկսած է տոքթորականի ծրագրին՝ փրոթեթիք դարմանումներու գետնին վրայ մասնագիտանալով։ Տոքթորականի ծրագրին շրջագծով աշխատած է նաեւ GATA-ի Հայտարփաշայի հիւանդանոցէն ներս՝ կզակի եւ դէմքի փրոթէզներու բնագաւառէն ներս։ Եռաչափ տպիչներու օժանդակութեամբ՝ ան կեդրոնացած է փրոթէզներու վրայ՝ այնպիսի պարագաներու համար, երբ վիրահատութիւնով դարմանումները անկարելի կ՚ըլլան։ Նոյնպէս տոքթորականի շրջանին ան աշխատած է նաեւ «Աճըպատէմ» հիւանդանոցներու ցանցէն ներս։ Վերջերս տոքթորականը աւարտելով վկայականը ստացած Շիրին Քըյըճը եղած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճանի սաներէն մին։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Շիրին Քըյըճըն եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր հորիզոններ։