ԱԶԳ ՈՒ ԿՐՕՆ = ՀԱՅ
Դարերու ընթացքին իր գոյութիւնը պահել յաջողած հայը հաւատաց, որ իր հայկական ինքնութեան էութիւնը երկու անբաժանելի արժէքներու՝ կրօնի եւ ազգասիրութեան միաձուլումն է: Երկու արժէքներ, որոնք միաձուլուած են «հայ» անուան տակ, կազմելով ազգային դիմագիծ մը: Կրօնն ու ազգասիրութիւնը փոխանցուած էր անոնց որպէս հոմանիշ բառեր, որոնք առանձին առանձին արժէքներ ըլլալով, միանալով շատ աւելի մեծ արժէք մը՝ ՀԱՅը ստեղծած էին:
Դարեր շարունակ մեր նախահայրերը փորձեցին հայուն մէջ սերմանել այն միտքը, որ հայ ըլլալ կը նշանակէ հաւասարապէս ըլլալ կրօնասէր եւ ազգասէր, վստահեցնելով որ անոնք ո՛չ թէ հակամարտող արժէքներ են, այլ հայու ինքնութիւնը միաւորող եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը զարգացնող արժէքներ: Գուցէ դարեր շարունակ հայը կանգուն պահողը եղաւ այս երկու արժէքներու միացումը, որովհետեւ շատ աւելի հզօր ազգեր, որոնք ունէին միայն մէկը, այսօր պատմութեան էջերուն մէջ կը յիշուին լոկ, իսկ հայը կը շարունակէ գոյատեւել:
Ժամանակակից դարաշրջանը սակայն իր փոփոխուող արժէքներով ու գաղափարախօսութիւններով մեր մէջ ստեղծեց տարրեր, որոնք սկսան հարցականի տակ դնել անոնց միասնական արժէք ըլլալու հասկացողութիւնը. որոշ անհատներ կրօնը գերադասեցին ազգասիրութենէն, զայն աւելի գերադաս նկատելով, իսկ ուրիշներ ազգային ոգին աւելի վեր սկսան դասել կրօնականէն եւ այսպիսով դարաւոր այդ հասկացողութիւնը եղաւ քննադատութեան լուրջ նիւթ մը, հայը կրօնի եւ ազգասիրութեան արժէքներուն մէջ տարուբերող:
Պատկերացուցէք շէնք մը, որ հիմնուած է երկու հիմնական սիւներու վրայ. խումբ մը առաջին սիւնը աւելի կարեւոր կը նկատէ, իսկ միւս խումբը՝ երկրորդը, առանց գիտակցելու որ անոնք իրարու հետ են, որ կը յաջողին կանգուն պահել շէնքը: Եթէ սերտենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ դարերու ընթացքին կրօն եւ ազգ հասկացողութիւնը իրարու հետ դուրս եկած են պայքարի եւ ո՛չ իրարու դէմ. կրօնը յաջողած է հոգեւոր սնունդը տալ, իսկ ազգասիրութիւնը՝ մարտական սնունդ, որոնք իրարու հետ միանալով տարած են բազմաթիւ յաղթանակներ։ Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման պատճառը այդ հաւաքական ջանքն էր: Այդ երկու արժէքներու միացումն էր, որ կը զարգացնէր մշակոյթը:
Սակայն ի՞նչը պատճառ եղաւ, որ այս երկու միաձուլուած սրբազան արժէքները անջատուին եւ դառնան հակառակ: Նախ եւ առաջ պէտք է բոլորիս համար յստակ ըլլայ, որ կրօնը եւ ազգասիրութիւնը ունին նոյն միտումներն ու ուղղութիւնը, զարգացնելու համամարդկային քաղաքակրթութիւնը աւելի առողջ եւ աւելի հզօր ազգ, ժողովուրդ ունենալու համար: Այս երկու արժէքները նման են ծնողքի։ Մանուկի մը համար կարեւորութիւն ունի թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը հաւասարապէս. անշուշտ որ ամէն մէկը ունի իր դերը եւ լուրջ ուսումնասիրութեան խնդիր է լուծել, թէ մօ՞ր դերը աւելի յատկանշական է, թէ հօր. սակայն մանուկի մը համար երկուքը միատեղ օգտակար են: Նոյնն է պարագան կրօնին եւ ազգասիրութեան, որովհետեւ կրօնի սէրը ինքնութեան հանդէպ սէր մը կը ստեղծէ եւ որպէս սեփական պատկանելիութիւն կը զարգանայ ազգասիրութիւնը, որ իր կարգին թէ՛ ազգը եւ թէ այդ ազգին անբաժան մասը կազմող կրօնն ու եկեղեցին կը սիրէ:
Պէտք է գիտակցիլ, որ ազգ ու կրօն իրարու հետ մեր ինքնութիւնը շատ աւելի կը զօրանայ. անոնք իրարմէ անջատ կը նմանին ամուսնալուծուող ընտանիքի մը, որուն զաւակները շատ անգամ կորսուելու եւ ձախող կեանք մը ապրելու դժբախտ ճակատագրին կ՚արժանանան:
Այս գաղափարները հասկնալու լաւագոյն ձեւը Վարդանանց ճակատամարտն է. պէտք է անգամ մը աչքէ անցընել Վարդանի եւ Ղեւոնդ երէցի ճառերը, որոնք կրօն եւ ազգասիրութեան լաւագոյն օրինակն են. ահաւասիկ, Վարդանի ճառէն տող մը. «Չվախնանք, չխրտչինք հեթանոսներու բազմութիւններէն եւ ոչ ալ մահկանացու մարդու ահագին սուրի դէմ թիկունք դարձնենք, որպէսզի, եթէ Տէրը յաղթութիւնը մեզի թողու, սատկեցնենք անոնց զօրութիւնը եւ բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը». Վարդան Մամիկոնեան հոգեւորական չէր, սակայն անոր այս խօսքերը ազգասիրութեան մէջ կրօնի կարեւորութիւնը կ՚ընդգծէ:
Այսօր աւելի քան երբեք կը հաւատանք, որ ազգ եւ կրօնի անիմաստ պայքարը մեր ազգը կործանումի առաջնորդելէ բացի ուրիշ բանի չի՛ ծառայեր։ Մենք այսօր մեր արտաքին հարցերը ձգած, ներքին անիմաստ ըսի ըսաւներով կը հետաքրքրուինք. այսօր եթէ ազգասիրութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ զէնք է, ապա կրօնը վահանն է՝ մահէն պաշտպանուելու եւ այդ երկուքով է, որ յաղթութիւնը կ՚ապահովուի: Այսօր այդ պայքարին մէջ վնասակար դեր ունի իշխանութեանց եւ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող անհամաձայնութիւնը. մենք կրօն եւ ազգ արժէքներու հասկացողութեան հարցը լուծելու փոխարէն շատ աւելի վատ վիճակի մը հասցուցինք. կրնա՞յ ըլլալ որ գայ ժամանակ ունենաք իմաստութիւնը ձգելու սին ըսի-ըսաւները եւ դարձեալ վերակազմակերպուելու... ժամանակը գիտէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդ նկարի մը հետ կռիւ կ՚ընէ:
Պատասխան. Նկարի մը հետ կռուիլը ներքին յոյզերու արտայայտութիւն է, յատկապէս երբ գործ ունի ուժեղ զգացմունքներու հետ. ինչպէս օրինակ՝ զայրոյթը, հիասթափութիւնը կամ վիշտը: Նման երեւոյթ մը կրնայ խորհրդանշել առերեսում մը յիշողութեան հետ, ինչ որ կրնայ անհանգստութիւն պատճառել: Նկարի հետ կռուիլը մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ ազատելու իր ներքին զգացումներէն. այս մէկը յաճախ կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ յաղթահարէ իր զգացումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024