ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՓՈՒԹՈՎ ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՀԱՍՆԵԼՈՒ

Երեւան կը ձգտի փութով արդիւնքներու հասնիլ իր արտաքին քաղաքական օրակարգի խնդիրներու լուծման ճանապարհին՝ մասնաւորապէս հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ երէկ այցելեց Թալին, Էսթոնիայի պաշտօնակցին՝ Մարքուս Ցահքնայի հետ սարքած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Կը կարծեմ՝ արդէն ժամանակն է կեանքի կոչել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւնները։ Հայաստան պատրաստ է ամբողջապէս կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ սահմանները»։

Նախարարը յիշեցուց, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնքով յստակ համաձայնութիւններ գոյացած են՝ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ քայլերու վերաբերեալ։ «Խօսքը կը վերաբերի ո՛չ միայն երրորդ երկիրներու, այլեւ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական անցագրի տէր քաղաքացիներուն։ Կը կարծեմ՝ արդէն իսկապէս ժամանակն է կեանքի կոչելու պայմանաւորուածութիւնները ու տեսնելու, թէ անոնք ինչպէս իրականութիւն կը դառնան», նշեց Միրզոյեան։ Ի լրումն այս բոլորին, նախարարը աւելցուց, որ Երեւան կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ։

Բաց աստի, Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը ամսուան մը ընթացքին աւարտուն տեսքի բերելու եւ զայն ստորագրելու։ Ան աւելցուց, որ չի կրնար ըսել, թէ Պաքու դրականօրէն արձագանգած է Երեւանի համապատասխան առաջարկին։

Միրզոյեանի Թալինէն հնչած յայտարարութիւններուն փոխարէն՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր կը գտնուէր պաշտօնական այցելութեամբ։ Ան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ։ Պայրամովի խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ բաց մնացած հարցերուն թիւը զգալիօրէն կրճատուած է, իսկ ամենամեծ խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է, որ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ։

Իր կարգին, Տարչիաշվիլին ալ նշեց, որ Վրաստան բոլոր ջանքերը կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ապահովման համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ Օ՚ՊՐԱՅԸՆ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընն ալ կը ջանայ յամառօրէն խրախուսել Երեւան-Պաքու հաշտութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատումը կը հանդիսանայ ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու խնդիրը։ Օ՚Պրայըն, որ կը պատրաստուի այցելել Պաքու, նշեց որ ամերիկեան կողմը շատ յստակ կը վարուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ առ այն, թէ եկած է խաղաղութեան հաստատման ժամանակը։

Օ՚Պրայընի առընթեր, Երեւան-Պաքու հաշտութեան մասին վերջին օրերուն վերլուծական կեդրոնի մը մէջ խօսեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկայի նախկին նախագահներէն Ճէյմս Ուորլիք։ Այս վերջինը համոզուած է, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը օր մը պէտք է փոխուի, սակայն սա ներկայիս արգելք մը չէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024