ՆՊԱՏԱԿԻ ՓԱՐՈՍԸ

Գիտակցութեան ծնունդի սկզբնաւորութենէն ի վեր մարդ արարածը իր դիմաց ունեցած է հետեւեալ հարցը. «Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». հարց, որ կը գերազանցէ ժամանակը, մշակոյթն ու անհատական փորձը, իւրաքանչիւրին համար տարբեր արձագանգ մը գտնելով: Այդ արձագանգները հիմնուած են մարդու նպատակներուն, երազներուն, իղձերուն եւ ձգտումներուն վրայ, որոնք որպէս փարոս կ՚առաջնորդեն մեր կեանքը. սակայն կամայ թէ ակամայ ժամանակի ընթացքին կը նուաղի փարոսի լոյսը եւ հաստատաքայլ մարդը կը սկսի խարխափել:

Կեանքի սկզբնաւորութեան (մեզի համար այս մէկը պատանեկութեան աւարտն ու երիտասարդութեան սկիզբն է) նպատակները պարզ ու հասանելի կը թուին եւ անոնք առաւելաբար հաստատուած կ՚ըլլան մեր ցանկութիւններուն եւ համոզումներուն վրայ, սակայն ընտանեկան ու ընկերային կեանքը կ՚ունենան իրենց ազդեցութիւնը եւ աստիճանաբար կը շեղեն նպատակները: Մարդոց նպատակները կը շեղուին ո՛չ թէ սեփական ձգտումներու փոփոխութիւններու պատճառով, այլ ուրիշներու ցանկութիւններն ու ակնկալիքները արդարացնելու համար. յաճախ այս մէկը կը կատարուի անգիտակցաբար՝ սեփական երազներն ու նպատակները զոհաբերելու գնով. այդ շեղումը կը կատարուի աննկատ զիջումներով ու զոհողութեամբ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը յաջողին աղօտել մեր կեանքի նպատակի փարոսի լոյսը:

Մարդկային կեանքը իրականութեան մէջ սեփական եւ արտաքին աշխարհի չափանիշներուն մէջ մղուող պայքար մըն է. մարդու ներքին ձայնը զինք իր սեփական նպատակներուն կ՚առաջնորդէ, սակայն ընդհանուր առմամբ հասարակութեան կողմէ հաւանութիւն ստանալու ախտը խեղդամահ կ՚ընէ այդ ներքին ձայնը: Յաճախ այս պայքարին մէջ կորսուելով կը նկատենք, որ սկսած ենք մեր սեփական կեանքը դիտել ուրիշներու աչքով՝ մոռնալով բոլոր այն համոզումները, յոյզերն ու ձգտումները, որոնք մեր մէջ կը գտնուին. մեր նպատակները ուրիշին աչքով միշտ ալ մառախլապատ կ՚երեւի:

Ժամանակ մը ետք մարդ արարած կը նկատէ այս զաւեշտը. այսօր թող ամէն մարդ ինքնաքննութիւն մը կատարէ. մեր ապրած կեանքը համահո՞ւնչ է մեր հիմնական նպատակներուն. յաջողա՞ծ ենք առանց շեղելու քայլել մեր նպատակի փարոսի լոյսին տակ, թէ ոչ պարզապէս կատարելով մարդոց կամքը խեղդամահ ըրած ենք այդ փարոսի աղօտ լոյսն անգամ: Հասարակութեան անհեթեթ պահանջներուն դիմաց դժուար է վառ պահել փարոսի լոյսը, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ արտաքին ազդեցութիւնը իր տեղը կը գրաւէ մեր մարդկային կեանքէն ներս:

Փիլիսոփաներ դարեր շարունակ փորձած են հաւասարակշռութիւն մը գտնել անհատական նպատակներու եւ ընդհանուր պահանջներու միջեւ. անձնական նպատակները կենդանի պահելը զգօնութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն կը պահանջէ եւ միայն կամքի ուժով է, որ մեր ապրած կեանքը կրնայ մեր ձգտումներուն հայելին ըլլալ:

Այս բոլորի կողքին նաեւ ականատես կըլլանք, թէ ինչպէս փոփոխութեան կ՚ենթարկուին նաեւ մեր նպատակներն ու ձգտումները. մարդ իր կեանքին մէջ ունի երկու տեսակի նպատակներ. անփոփոխ եւ մշտական նպատակներ, պայմանաւորուած մարդու տարիքէն եւ հասունութենէն: Այսօր մեզի համար գերագոյն նպատակ կարծուած արժէք մը մի քանի տարիներ ետք կրնայ աննշմար թուիլ: Մշտական նպատակները հաստատուած են մեր հիմնական արժէքներուն եւ համոզումներուն վրայ. անոնք արտացոլացումն են մեր ինքնութեան եւ դաստիարակութեան. նման նպատակներ դժուար թէ յաղթուին: Փոփոխութեան ենթակայ նպատակները կրնանք կոչել «ճկուն» նպատակներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը զարգանան եւ կը կրեն ազդեցութիւն՝ մեր փորձառութիւններէն ու գիտելիքէն: Մարդ արարած իր կեանքի ընթացքին ձեռք կը բերէ նոր հեռանկարներ եւ յաճախ նորերը մոռցնել կու տան հիները՝ զանոնք «կարեւոր»էն «անկարեւոր»ի կարգավիճակին դատապարտելով: Մարդկային կեանքի մէջ մեր առաջնահերթութիւնները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ եւ այս մէկը մարդկային բնութեան զարգացման մէկ մասն է պարզապէս:

Այս նպատակներու զարգացման լաւագոյն փաստն ու օրինակը մանուկներն են. հարց տուէք մանուկի մը, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ դառնալ ապագային. մի քանի տարիներ ետք դարձեալ կրկնեցէք այդ հարցը եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ պիտի ստանաք ուրիշ պատասխան մը. նոյնն է պարագան բոլոր նպատակներուն եւ իղձերուն:

Սակայն նպատակներու փոփոխութիւնները նախորդին ժխտումը չէ. իւրաքանչիւր նպատակ՝ ըլլայ ժամանակաւոր թէ մշտական, վճռորոշ դեր կը խաղայ մարդու զարգացման եւ հասունութեան մէջ. անցեալի նպատակներն են, որ կը ձեւաւորեն ներկայի նպատակները եւ ներկայի նպատակներն են, որ կը կառուցեն մեր ապագան:

Այդ իսկ պատճառով կարեւոր կը նկատենք ինքնաճանաչողութիւնը. մարդ արարած պարտի ժամանակ առ ժամանակ վերաքննութեան ենթարկել ինքզինք, աչքէ անցընել իր բոլոր նպատակները, իղձերն ու ձգտումները եւ փարոսի լոյսի աղօտութիւնը վերացնելով շարունակէ իր ճամբան, վստահ ըլլալով որ կ՚ապրինք կեանք մը, որ հայելին է մեր նպատակներուն եւ ո՛չ թէ գերի ուրիշներու քմահաճոյքին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մեզ քննադատելու իրաւունք ունի՞ն մարդիկ, որոնք մեր դժուար օրերուն մեր կողքին չեն եղած:

Պատասխան. Անձեր, որոնք մեր դժուարին պահերուն մեր կողքին չեն եղած, չեն կրնար ըմբռնել մեր պայքարի ենթահողը, ինչ որ անոնց քննադատութիւնները կը դարձնէ անհիմն: Դժուար ժամանակներու մէջ անոնց բացակայութիւնը կը նուազեցնէ անոնց դատողութեան վաւերականութիւնը: Ամենէն անկեղծ քննադատութիւնը կու գայ անոնցմէ, որոնք պատկերացում ունին մեր փորձառութիւններուն մասին, որովհետեւ անոնք կրնան աւելի կառուցողական արձագանգ ըլլալ՝ քան միւս քննադատողները: Քննադատութեան հիմնական արժէքը կախուած է քննադատողին մեզի հետ ունեցած փոխյարաբերութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024