ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
Երէկ, Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական արտահերթ ընտրութիւն։ Մօտաւոր անցեալին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ուղղաթիռի արկածի մը զոհ գացած էր, ուստի, ստիպողութիւն յառաջացած էր նոր նախագահ ընտրելու համար։ Երկրի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգով՝ Իրանի մէջ երէկ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ փութաց՝ ընտրելու համար երկրի նոր ղեկավարը։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի մէջ ալ, Իրանի դեսպանատունէն ներս հաստատուած էր ընտրատեղամաս մը։
Իրանի քաղաքացիները քուէարկեցին՝ նախընտրութիւն մը կատարելու համար նախագահի թեկնածու առաջադրուած չորս անուններէն մէկուն միջեւ։ Թեկնածուներն էին Մեսուտ Փեզեշքիան, Մուսթաֆա Փուրմուհամմատի, Սայիտ Ճալիլի եւ Մուհամմէտ Պակիր Ղալիպաֆ։
Իրանէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ քուէարկութեան համար սահմանուած ժամկէտը երկարաձգուած էր։ Այժմ կը սպասուի արդիւնքներու հրապարակման։