ՈԳԵՇՆՉԵԼՈՎ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Այս յօ­դուա­ծի հա­մար ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ծա­նօ­թու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Դէ­պի Հայ­ք» (Birthright Armenia) հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ: 2003 թուա­կա­նին հիմ­նուած մի­ջազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի զար­գաց­նել եւ ամ­րապն­դել հայ­րե­նի­քի ու Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րը, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով մաս­նակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի ա­ռօ­րեայ կեան­քին եւ ներդ­րում ու­նե­նալ հայ­րե­նի­քի զար­գաց­մա­ն՝ կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քի մի­ջո­ցաւ։ Իր գո­յու­թեան տաս­ներ­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հիմ­նադ­րա­մը հա­զա­րա­ւոր սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­ր կա­պած է Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին: Ա­նոնց մէկ մա­սը Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ճանչ­ցած է այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ, նոյ­նիսկ ե­ղած են կա­մա­ւո­րա­կան ծրագ­րի ա­ւար­տէն ետք Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուող­ներ: «Դէ­պի Հայ­ք­»ը օ­տար եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ա­ռա­ջար­կէ հա­յե­րէն լե­զուի անվ­ճար դա­սըն­թացք­ներ, շրջապ­տոյտ­ներ, մաս­նակ­ցու­թիւն հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան նիւ­թով ժո­ղով­նե­րու, հան­դի­պում­նե­րու: Ծրագ­րի կա­րե­ւոր մասն է հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք­նե­րու մօտ օ­թե­ւա­նու­մը եւ դէ­պի Հա­յաս­տան ճա­նա­պար­հա­ծախ­սի մա­սամբ կամ ամ­բող­ջա­կան փոխ­հա­տու­ցու­մը:

Հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տա­կից­նե­րու հետ ծա­նօ­թու­թե­նէն ո­րոշ ժա­մա­նակ անց հե­ռա­ձայն մը ստա­ցայ «Դէ­պի Հայ­ք­»ի գրա­սե­նեա­կէն: Գո­հարն էր՝ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն: Ա­ռա­ջարկ մը ու­նէր: Ար­դեօք պատ­րա՞ստ ենք դառ­նալ հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք եւ մեր յար­կի ներ­քոյ հիւ­րըն­կա­լել այս ա­մառ Հա­յաս­տան ե­կող կա­մա­ւոր­նե­րէն մէ­կը: Պրա­զի­լիա­յէն հա­յու­հի մըն էր, որ նա­խընտ­րած էր Հա­յաս­տան մնա­լու ա­միս­նե­րուն բնա­կիլ ե­րա­խա­ներ ու­նե­ցող ըն­տա­նի­քի մը հետ: Կա­մա­ւոր­նե­րը ի­րենք կ՚ընտ­րեն ըն­տա­նի­քը (բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք, միայ­նակ կին, ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ կամ տղայ, միայն ա­մու­սին­ներ ե­ւայլն), եւ ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­նոնց ընտ­րու­թեան հա­մե­մատ կը փնտռէ հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք­ներ: Հա­կա­ռակ որ ծա­նօթ էի հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ միշտ քա­ջա­լե­րած էի ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ա­ռա­ջար­կը անս­պա­սե­լի էր, բայց նաեւ՝ հե­տաքրք­րա­կան: Ըն­տա­նե­կան քննար­կու­մէն ետք ո­րո­շե­ցինք հա­մա­ձայ­նիլ եւ դառ­նալ «Դէ­պի Հայ­ք­»ի հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք խում­բի ան­դամ­նե­րէն մին:

 Մեր հիւ­րը քսան­մէկ տա­րե­կան Թա­թիա­նա Պու­տա­քեանն է՝ Սան Փաու­լո­յէն: Եւ հա­կա­ռակ որ ա­նոր ծննդա­վայ­րը՝ Պրա­զի­լիոյ ա­մե­նէն մեծ քա­ղա­քը՝ Սան Փաու­լոն, ու­նի խո­շոր հայ­կա­կան հա­մայնք (38 հա­զար հայ), այ­նուա­մե­նայ­նիւ, Պու­տա­քեան­նե­րու չորս հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քը հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով հե­ռու ե­ղած է հա­մայն­քէն, Թա­թիա­նան հա­յե­րէն չի խօ­սիր եւ շատ քիչ բան գի­տէ Հա­յաս­տա­նի մա­սին: Ան տա­րի­ներ ա­ռաջ վե­րագ­տած է իր հա­յու­թիւ­նը եւ մեծ փա­փաք ու­նի ինք­զինք զգալ լիար­ժէք հայ՝ մօ­տիկ պատ­մու­թեա­ն, լե­զուին, մշա­կոյ­թին եւ հայ­րե­նի­քին: Ան երկ­րորդ հայն է Պրա­զի­լիա­յէն, որ այս ծրագ­րով Հա­յաս­տան ե­կած է:

Թա­թիա­նա Պու­տա­քեան ար­դէն մեր ըն­տա­նի­քին հետ է, եւ շատ ու­րախ կը զգայ պզտիկ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, ո­րոնց­մէ կը սո­րվի հա­յե­րէն բա­ռեր, եւ ատ­կէ զատ ալ հա­յե­րէ­նի կա­նո­նա­ւոր դա­սըն­թացք­նե­րու կը մաս­նակ­ցի «Դէ­պի Հայ­ք­»ի գրա­սե­նեա­կին մէջ: Ան կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող կազ­մա­կեր­պու­թեան մը մէջ եւ ե­րեք ա­միս ետք պի­տի մեկ­նի Սան Փաու­լօ: Մինչ հիւ­րըն­կա­լու­թիւ­նը, Թա­թիա­նան Պրա­զի­լիոյ խում­բին հետ Օ­գոս­տո­սի սկզբին մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան այս տա­րուան խա­ղե­րուն, եւ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը նոյն­պէս ա­ռա­ջին ան­գամն էր ա­նոր կեան­քին մէջ: Կ՚ը­սէ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի եւս պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն, քա­նի որ շատ զգա­ցում­ներ եւ հա­ճե­լի ապ­րում­ներ ու­նե­ցաւ այդ օ­րե­րուն:

Հիւ­րըն­կա­լե­լով Թա­թիա­նան՝ ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցանք «Դէ­պի Հայ­ք­»ի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ աշ­խա­տա­կից­ներն ալ ո­րոշ ման­րա­մաս­ներ տրա­մադ­րե­ցին կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քի սկզբունք­նե­րուն մա­սին:

Կա­մա­ւո­րա­կան այս ծրագ­րի պա­հանջն է, որ մաս­նա­կից­նե­րը ան­պայ­ման ու­նե­նան հայ­կա­կան ծա­գում, ըլ­լան քսան-ե­րե­սու­ներ­կու տա­րե­կան եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուին առ­նուազն եր­կու ա­միս, միայն այդ պա­րա­գա­յին հիմ­նադ­րա­մը կը փոխ­հա­տու­ցէ ա­նոնց ճա­նա­պար­հա­ծախ­սին մեծ մա­սը: Ճա­նա­պար­հա­ծախ­սի ամ­բող­ջա­կան փոխ­հա­տու­ցում կը կա­տա­րուի առ­նուազն տասն­չորս շա­բա­թէ ա­ւե­լի Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­լու պա­րա­գա­յին, իսկ տաս­նութ շա­բա­թէ ա­ւե­լի գտնուե­լու պա­րա­գա­յին մաս­նա­կից­նե­րը 100 առ հա­րիւր նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հետ միա­սին կը ստա­նան ամ­սա­կան թո­շակ: Մաս­նա­կից­նե­րը միայն մէկ ան­գամ կա­րող են օգ­տուիլ «Դէ­պի Հայ­ք­»ի ճա­նա­պար­հա­ծախ­սի փոխ­հա­տուց­ման ծրագ­րէն։

Նմա­նա­տիպ ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կար­գին կը դա­սուի նաեւ Birthright Israel-ը, ո­ր կ­՚ա­ռա­ջար­կէ կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­ներ։ Նման մէկ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն նոյն­պէս գո­յու­թիւն ու­նի IrishWay ա­նուա­նու­մով, որ կը կազ­մա­կեր­պէ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն դէ­պի Իր­լան­տա՝ ծա­գու­մով իր­լան­տա­ցի ա­մե­րի­կեան բարձր դա­սա­րան­ցի­նե­րու հա­մար։

Ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան նպաս­տող մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նոյն­պէս իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի ար­դէն:

«Դէ­պի Հայ­ք­»ը հիմ­նադ­րած է ա­մե­րի­կա­հայ նշա­նա­ւոր բա­րե­րար Հրայր Յով­նա­նեա­նի զա­ւա­կը՝ Է­դիլ Յով­նա­նեան՝ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու ծննդեան ի­րա­ւուն­քի հան­դէպ մեծ հա­ւատ­քով, եւ կա­րե­լի է ը­սել, որ այ­սօր, տաս­ներ­կու տա­րի ետք, ա­նոր այդ հա­ւատ­քը ար­դէն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած եւ մար­մին ստա­ցած աշ­խա­տան­քի մը վե­րա­ծուած է: Աշ­խար­հի յի­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ հիմ­նադ­րա­մի շուրջ հա­զար քսա­նե­րեք շրջա­նա­ւարտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի յա­ջո­ղակ դես­պան­ներն են, ո­րոնք կտոր մը Հա­յաս­տան տա­րած են ի­րենց հետ:

Հիմ­նադ­րա­մի նպա­տա­կը ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նը կա­մա­ւոր­նե­րուն ցոյց տալն է, այ­լեւ ի­րենց հայ­րե­նի­քի մէջ բազ­մա­բո­վան­դակ փորձ ձեռք բե­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լը: Հիմ­նադ­րա­մը, ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ կը խթա­նէ խո­րա­ցուած ծրագ­րեր, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ եր­կա­րա­ժամ­կէտ նա­խա-գ­ըծե­րու հա­մար եւ նպա­տա­կը կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան տե­սան­կիւ­նէ հա­յաս­տա­նեան ի­րա­կա­նու­թեան, հա­սա­րա­կու­թեան եւ խնդիր­նե­րու խո­ր ըն­կալ­մա­ն նպաս­տելն է:

Ե­թէ մինչ ան­ցեալ տա­րի «Դէ­պի Հայ­ք» հիմ­նադ­րա­մը իր հիմ­նա­կան մի­ջոց­նե­րը կը գո­յաց­նէր հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րէ, եւ Է­դիլ Յով­նա­նեան միայն ծախ­սե­րու 50 առ հա­րիւ­րը կը դի­մագ­րա­ւէր, ա­պա 2014 թուա­կա­նի 1 Յու­նուա­րէն սկսեալ Է­դիլ Յով­նա­նեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ նաեւ «Հրայր եւ Ան­նա Յով­նա­նեա­ն» հիմ­նադ­րա­մին, ար­դէն ստանձ­նած է կազ­մա­կեր­պու­թեան ըն­թա­ցիկ ծախ­սե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ: «Դէ­պի Հայ­ք» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այ­սօր ար­դէն չու­նի նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ հայ­թայ­թե­լու կա­րի­քը, եւ իր բո­լոր ու­ժերն ու ջան­քե­րը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է ծրագ­րի մաս­նա­կից­նե­րու հա­ւա­քագր­ման վրայ: «Դէ­պի Հայ­ք­»ին յստակ ա­ռա­ջադ­րանք տրուած է 2015 թուա­կա­նին, նա­խորդ տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ ե­ռա­պատ­կել մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կը՝ պահ­պա­նե­լով նոյն բարձր ո­րա­կը, ո­րու շնոր­հիւ «Դէ­պի Հայ­ք­»ը մեծ ճա­նա­չում ձեռք բե­րած է:

​Այժմ կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­շար­նե­րը ուղ­ղուած են ծրագ­րի ա­ճին մի­տուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ինչ­պէս նաեւ՝ ծրագ­րի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի­մաս­տա­լից ա­ջակ­ցու­թեան տրա­մադր­ման վրայ:

Այ­սօր «Դէ­պի Հայ­ք­»ի տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դը կը գլխա­ւո­րեն հե­տե­ւեալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ Է­դիլ Յով­նա­նեա­ն (հիմ­նա­դիր), Լին­տա Է­պո­յեա­ն (գոր­ծա­դիր տնօ­րէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սե­ւան Կա­բա­կեան (գոր­ծա­դիր տնօ­րէն, Հա­յաս­տան), Ա­նոյշ Թա­դէո­սեա­ն (ծրագ­րի շրջա­նա­ւարտ):

Հիմ­նադ­րա­մի խորհր­դակ­ցա­կան յանձ­նա­խում­բը կազ­մուած է հե­տե­ւեալ­նե­րէն՝

Ա­տոմ Է­կո­յեան (Գա­նա­տա), Ա­րամ Վ. Չո­պա­նեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ար­սի­նէ Խան­ճեան (Գա­նա­տա), Մայ­քըլ Ա­րամ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Մարկ Կի­րա­կոս (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Տ. Մես­րոպ Քա­հա­նայ Ա­րա­մեան (Հա­յաս­տան), Պետ­րոս Թէր­զեան (Ֆրան­սա), Ճոն Մար­շալ Է­վընս (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ռալֆ Ե­ի­րի­կեան (Հա­յաս­տան), Սէմ Սի­մո­նեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սերժ Թան­կեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Վար­դան Գրի­գո­րեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Վար­դան Օս­կա­նեան (Հա­յաս­տան), Ո­ւի­լիըմ Փեր­սընս (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փաթ­րիկ Սարգսեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ):

«Դէ­պի Հայ­ք­»ը կ՚օգ­նէ կա­մա­ւո­րին Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռք բե­րել բժշկա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն, կ՚ա­ջակ­ցի այլ առտ­նին ծախ­սե­րու հար­ցին մէջ:

Ա­ռան­ձին աշ­խա­տանք կը կա­տա­րուի հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ, ո­րոնք սո­վո­րա­բար կը բաժ­նեն հիմ­նադ­րա­մի գա­ղա­փա­րը, կը հա­ւա­տան հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեա­ն ն­պաս­տող ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեա­ն եւ պատ­րաս­տա­կամ եմ ա­ջակ­ցիլ այդ գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­մա­ն: Ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կա­մա­ւո­րը պէտք է զգայ տու­նի ան­դա­մի պէս եւ ոչ թէ՝ որ­պէս հիւր։ Ան ըն­տա­նի­քի նիս­տու­կա­ցի մի­ջո­ցաւ պէտք է ճանչ­նայ հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քը, ու­տե­լիք­նե­րը, դրա­ցի­նե­րու, ազ­գա­կան­նե­րու հետ շփու­մը եւ ըն­տա­նի­քին մի­ջո­ցաւ պատ­կե­րա­ցու­մը պի­տի ամ­բող­ջաց­նէ Հա­յաս­տա­նի կեն­ցա­ղա­յին մշա­կոյ­թի մա­սին: Հա­յաս­տա­նեան կեն­ցա­ղին ծա­նօ­թա­ցու­մը նոյն­պէս հիմ­նադ­րա­մի նպա­տակ­նե­րէն մին է: Այս ձե­ւով կա­մա­ւո­րը պէտք է զգայ ո՛չ թէ ե­րա­զա­յին, այլ՝ ի­րա­կան Հա­յաս­տա­նը՝ իր դժուար եւ հա­ճե­լի կող­մե­րով:

Այս պա­հուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կան ութ­սուն հայ կա­մա­ւոր­ներ՝ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Գա­նա­տա, Պրա­զի­լիա, Ռու­սաս­տան, Լի­բա­նան, Ֆրան­սա, Աւստ­րա­լիա: Ա­նոնք զա­նա­զան աշ­խա­տանք կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րէ ներս, ա­մե­նէն շատ կա­մա­ւոր­նե­րը ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու, ձե­ւա­ւոր­ման աս­պա­րէ­զի, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, բժշկու­թեան ո­լորտ­նե­րու մէջ են: Քսան տա­րի ա­ռաջ կա­մա­ւո­րու­թիւ­նը այդ­քան ալ զար­գա­ցած չէր Հա­յաս­տա­նի մէջ, այ­սօր զայն կա­րե­լի է նկա­տել ժա­մա­նա­կա­կից եւ զար­գա­ցած աս­պա­րէզ­նե­րէն մէ­կը, ո­րու մէջ բա­ւա­կա­նա­չափ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն ներգ­րա­ւուած է: Բա­ցի «Դէ­պի Հայ­ք­»էն, կան նաեւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք դէ­պի Հա­յաս­տան կա­մա­ւոր­ներ կը ներգ­րա­ւեն, բայց «Դէ­պի Հայ­ք»ը իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ ամ­բող­ջո­վին կը տար­բե­րի ա­նոնց նպա­տակ­նե­րէն: Կան նաեւ հա­յաս­տան­ցի կա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք ու­սում­նա­կան, մշա­կու­թա­յին, բժշկա­կան կամ այլ ծրագ­րե­րով կը մեկ­նին ար­տա­սահ­ման, փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք բե­րե­լու, բայց ա­ւե­լի շատ՝ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու այս կամ այն խում­բին, հա­մայն­քին:

Հե­տաքրք­րա­կան է նոյ­նինք՝ կա­մա­ւո­րու­թեան պատ­մու­թիւ­նը: Այս գա­ղա­փա­րը կ՚ա­ռըն­չուի բա­րե­սի­րու­թեա­ն, ան­շա­հախն­դիր նուի­րու­մին եւ օգ­նու­թեա­ն եւ կը սե­րի շատ հի­նէն: Կա­մա­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ի­մաստ ստա­ցած է քրիս­տո­նէու­թեան տա­րած­ման հետ: Այ­սօր աշ­խար­հի բո­լոր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն ալ հա­րա­զատ են բա­րե­սի­րու­թեան եւ ան­շա­հախն­դիր օգ­նու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը: Կա­մա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ ա­ռանց վար­ձատ­րու­թեան աշ­խա­տանք եւ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րել, յօ­գուտ շրջա­պա­տի կամ ոե­ւէ մէ­կու: Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ «Հայ կա­մա­ւոր­նե­րու բա­նա­կ» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, ո­ր կա­մա­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րը կը տա­րա­ծէ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ եւ ճա­նա­պարհ­ներ ցոյց կու տայ՝ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի մի­ջո­ցաւ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու Հա­յաս­տա­նին կամ աշ­խար­հին առ­հա­սա­րակ:

Գա­լով հայ­կա­կան ա­մե­նէն մեծ կա­մա­ւո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեա­ն՝ «Դէ­պի Հայ­ք­»ի հա­զար քսա­նե­րեք շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն եօ­թա­նա­սու­նը անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հայ­րե­նա­դար­ձած են եւ այ­սօր կը բնա­կին Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ա­նոնք ընդգր­կուած են եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրագ­րե­րու մէջ, ո­մանք նպա­տակ ու­նին ի­րենց ըն­տա­նի­քին հետ մնալ Հա­յաս­տան: Շա­տե­րը կ՚աշ­խա­տին մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­ռեւտ­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ: Մեծ մա­սը յա­ջո­ղած է աշ­խա­տանք գտնել ըստ ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն։ Միւս­նե­րը ու­նին ժա­մա­նա­կա­ւոր աշ­խա­տանք եւ կը շա­րու­նա­կեն ո­րո­նում­նե­րը՝ ի­րենց նա­խընտ­րած ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Կա­մա­ւոր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին ա­մա­ռնա­յին ծրա­գիր ի­րա­կա­նաց­նել նաեւ Ե­րե­ւա­նէն դուրս՝ Կիւմ­րի եւ Վա­նա­ձոր: Իսկ եր­կա­րա­ժամ­կէտ մնա­ցող կա­մա­ւոր­նե­րու հա­մար ողջ տա­րին ծրագ­րեր կան Ե­րե­ւա­նէն դուրս գտնուող այլ շրջան­նե­րու մէջ կամ Ար­ցախ, դպրոց­նե­րու մէջ աշ­խա­տան­քէն, մին­չեւ բնու­թեան պահ­պա­նու­թիւն, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նո­րո­գու­թիւն, հա­մայնք­նե­րու զար­գա­ցում:

Կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քը ա­ւար­տե­լէն ետք կա­մա­ւո­րը, ե­թէ ու­նի օգ­տա­կար գա­ղա­փար մը, ա­պա հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի դրա­մաշ­նորհ ստա­նալ «Դէ­պի Հայ­ք» հիմ­նադ­րա­մէն եւ ո­րե­ւէ ծրա­գիր ի­րա­կա­նաց­նել՝ կա­պուած Հա­յաս­տա­նի հետ: Այդ ծրա­գի­րը կը կո­չուի «Յա­ջորդ քայ­լ» եւ նպա­տակ ու­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար ա­ռա­ւել հա­սա­նե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տան վե­րա­դարձն ու աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լը եւ այդ պա­րա­գա­յին հիմ­նադ­րա­մը նոյն­պէս կ՚ա­ջակ­ցի կա­ցա­րա­նին, աշ­խա­տան­քի ո­րոն­ման հար­ցին մէջ։ Կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քէն զատ հիմ­նադ­րա­մի այս ծրա­գի­րը՝ վե­րա­դար­ձը՝ Հա­յաս­տան, հիմ­նուած է հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման գա­ղա­փա­րին վրայ. ան կ՚օգ­նէ տես­նել աշ­խա­տան­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ հնա­րա­ւո­րու­թեան պա­րա­գա­յին նպաս­տել հար­թե­լու ե­կա­մու­տի եւ ծախ­սե­րու ան­հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը։

Իր բո­լոր ծրագ­րե­րուն մէջ «Դէ­պի Հայ­ք» հիմ­նադրա­մը նպա­տակ ու­նի հա­յու­թիւ­նը կա­պել Հա­յաս­տա­նին, վե­րաց­նել այն բա­ցը, որ գո­յու­թիւն ու­նի հա­յու­թեան զա­նա­զան հա­տուած­նե­րուն մի­ջեւ, ստեղ­ծել հայ­կա­կան աշ­խարհ, ուր բո­լո­րը հա­ւա­սար կ՚ըլ­լան հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին առ­ջեւ եւ ի­րենց ջան­քե­րը կը ներդ­նեն յա­նուն բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015