ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՆՈՐ ՋԱՆՔԵՐ

Մինչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արիւնալի եւ մտահոգիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին, միջազգային յառաջատար դերակատարները կը խտացնեն իրենց ջանքերը վտանգաւոր ընթացքը կասեցնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով։ Կը հաղորդուի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Քաթարէն խնդրած է միջնորդ հանդիսանալ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ բանակցութիւններու գծով։

Ըստ «The Washington Post»ին, Սպիտակ տունը Քաթարին այս խնդրանքը ներկայացուցած է՝ ապահովելու համար Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատումը։ Բաց աստի, նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Քաթարէն կ՚ակնկալէ նպաստել Թել Աւիւի եւ «Հիզպուլլահ»ի միջեւ յառաջացած լարուածութեան նուազեցման, ինչ որ կրնայ կանխել Իսրայէլ-Լիբանան սահմանի մտահոգիչ հաւանականութիւնները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024